Որոնել

Կազա, պատերազմ Կազա, պատերազմ  (AFP or licensors)

Իսրայէլ վերսկսած է Կազայի վրայ յարձակումբները

Իսրայէլ երկրորդ օրն անընդմէջ հրթիռակոծեց Կազան՝ յայտարարելով, թէ թիրախաւորած է Համասի «Նուխպա» ուժերու հրամանատարներ, մինչ պաղեստինեան աղբիւրները կը հաղորդեն խաղաղ բնակիչներու զոհերու մասին։ Միեւնոյն ժամանակ, հակառակ զինադադարի շուրջ ընթացող միջնորդական ջանքերուն եւ Համասի համաձայնութեան մասին հաղորդումներուն, ռազմական գործողութիւնները կը շարունակուին, իսկ Իսրայէլ կը ձգտի ամբողջական վերահսկողութիւն հաստատել Կազայի վրայ։

Իսրայէլ երկրորդ օրն ըլլալով հրթիռակոծեց Կազան, զոհուեցան 14 պաղեստինցիներ:

Իսրայէլեան բանակը յայտարարեց, թէ հարուածները թիրախաւորած են Համասի մասնայատուկ «Նուխպա» ուժերու երկու հրամանատարներ: Պաղեստինեան իշխանութիւններուն համաձայն, այդ յարձակումներուն պատճառով խաղաղ բնակիչներ զոհուած են:

Իսրայէլի ուժանիւթի նախարար Էլի Քոհեն երէկ յայտարարեց, թէ Իսրայէլ, որ արդէն Կազայի 70 առ հարիւրին կը վերահսկէ, պէտք է լիակատար վերահսկողութիւն հաստատէ տարածքին վրայ:

Քոհեն անդամ է Նեթանիահուի կառավարութեան անվտանգութեան հարցերով սեղմ խորհուրդին, որ կը վերահսկէ երկրի անվտանգութեան եւ դիւանագիտական քաղաքականութեան:

Թէեւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ հինգշաբթի օր յայտարարած էր, թէ հակամարտութիւնը դադրեցնելու շուրջ յառաջընթաց արձանագրուած է, երբ Համաս շարժումը համաձայնած է զինաթափուիլ, զինուորական գործողութիւնները չեն դադրած:

Հոկտեմբեր 2025 թուականին Միացեալ Նահանգներու միջնորդութեամբ զինադադարի կնքումէն ի վեր Իսրայէլի հարուածներէն զոհուած է առնուազն 1230 պաղեստինցի:

Համասէն պաշտօնատար մը «Շարք»-ին յայտնեց. «Միջնորդները շարժումին յայտնեցին, թէ Իսրայէլ համաձայն է ռմբակոծումն ու յարձակումները դադրեցնելու»:

Աղբիւրը՝ Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

03/08/2026, 09:10