Իսրայէլ վերսկսած է Կազայի վրայ յարձակումբները
Իսրայէլ երկրորդ օրն ըլլալով հրթիռակոծեց Կազան, զոհուեցան 14 պաղեստինցիներ:
Իսրայէլեան բանակը յայտարարեց, թէ հարուածները թիրախաւորած են Համասի մասնայատուկ «Նուխպա» ուժերու երկու հրամանատարներ: Պաղեստինեան իշխանութիւններուն համաձայն, այդ յարձակումներուն պատճառով խաղաղ բնակիչներ զոհուած են:
Իսրայէլի ուժանիւթի նախարար Էլի Քոհեն երէկ յայտարարեց, թէ Իսրայէլ, որ արդէն Կազայի 70 առ հարիւրին կը վերահսկէ, պէտք է լիակատար վերահսկողութիւն հաստատէ տարածքին վրայ:
Քոհեն անդամ է Նեթանիահուի կառավարութեան անվտանգութեան հարցերով սեղմ խորհուրդին, որ կը վերահսկէ երկրի անվտանգութեան եւ դիւանագիտական քաղաքականութեան:
Թէեւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ հինգշաբթի օր յայտարարած էր, թէ հակամարտութիւնը դադրեցնելու շուրջ յառաջընթաց արձանագրուած է, երբ Համաս շարժումը համաձայնած է զինաթափուիլ, զինուորական գործողութիւնները չեն դադրած:
Հոկտեմբեր 2025 թուականին Միացեալ Նահանգներու միջնորդութեամբ զինադադարի կնքումէն ի վեր Իսրայէլի հարուածներէն զոհուած է առնուազն 1230 պաղեստինցի:
Համասէն պաշտօնատար մը «Շարք»-ին յայտնեց. «Միջնորդները շարժումին յայտնեցին, թէ Իսրայէլ համաձայն է ռմբակոծումն ու յարձակումները դադրեցնելու»:
Աղբիւրը՝ Ազդակ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.