Որոնել

Գատիսի հայկական ժառանգութիւնը Գատիսի հայկական ժառանգութիւնը 

Սպանիա - Պատմական Գատիսի հայկական ժառանգութիւնը

Գատիսի հայերը, գլխաւորաբար Նոր Ջուղայի վաճառականներ, 17-րդ դարուն կարեւոր դեր ունեցած են միջազգային առեւտուրին մէջ՝ յաղթահարելով Սպանական Հաւատաքննութեան դժուար պայմանները եւ վայելելով Կաթողիկէ եկեղեցւոյ պաշտպանութիւնը։ Այս պատմական ներկայութեան վկայութիւնը այսօր կը պահպանուի Գատիսի Սանթա Մարիա եկեղեցւոյ պատին զետեղուած հայերէն յուշատախտակով, որ կը խորհրդանշէ հայ-իսպանական պատմական կապերը եւ հայկական սփիւռքի մնայուն ժառանգութիւնը։

Պատմական աղբիւրները ցոյց կու տան, որ Գատիս հաստատուած հայերը գլխաւորաբար հմուտ եւ հարուստ վաճառականներ էին, որոնցմէ շատեր մաս կը կազմէին Նոր Ջուղայի հռչակաւոր առեւտրական ցանցին: Գատիսը, ըլլալով ռազմավարական նաւահանգիստ եւ դէպի Ամերիկա (Նոր Աշխարհ) տանող գլխաւոր դարպասներէն մէկը, իտէալական կեդրոն էր այս վաճառականներուն համար, որոնք կը զբաղէին միջազգային առեւտուրով՝ կամրջելով Արեւելքն ու Արեւմուտքը:

17–րդ դարը Սպանիոյ համար չափազանց բարդ եւ վտանգաւոր ժամանակաշրջան էր՝ պայմանաւորուած Սպանական Հաւատաքննութեան խստութիւններով։ Այդ օրերուն օտարազգիներն ու այլադաւանները յաճախ խիստ հալածանքներու կ՚ենթարկուէին: Հակառակ այս սպառնալիքներուն, հայ վաճառականները յաջողեցան ոչ միայն պահպանել իրենց գոյութիւնն ու գործունէութիւնը, այլեւ յարգանք վայելել Կաթողիկէ եկեղեցւոյ կողմէ եւ արժանանալ անոր՝ ապահովութեան երաշխիքներուն։ Այս իմաստով առանցքային եղած է Գատիսի Սանթա Մարիա եկեղեցւոյ դերը, որ ապահով հանգրուան եւ հովանաւոր հանդիսացած է հայ համայնքին համար:

Այսօր, որպէս անցեալի լուռ վկայ եւ երախտագիտութեան տուրք, Սանթա Մարիա եկեղեցւոյ պատին զետեղուած է հայերէն արձանագրութեամբ յուշատախտակ մը: Ան կը յաւերժացնէ այն հայ վաճառականներուն յիշատակը, որոնք դարեր առաջ ապաստան ու պաշտպանութիւն գտան հաւատաքննութեան խաւար տարիներուն։ Այս յուշատախտակը խորհրդանիշն է երկու ժողովուրդներու պատմական կապին եւ վառ ապացոյցը այն իրողութեան, որ հայկական սփիւռքը կրցած է իր անջնջելի հետքը ձգել նոյնիսկ Եւրոպայի հեռաւոր ափերուն:

Աղբիւրը՝ Արեւելք

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

30/07/2026, 07:48