Սպանիա - Պատմական Գատիսի հայկական ժառանգութիւնը
Պատմական աղբիւրները ցոյց կու տան, որ Գատիս հաստատուած հայերը գլխաւորաբար հմուտ եւ հարուստ վաճառականներ էին, որոնցմէ շատեր մաս կը կազմէին Նոր Ջուղայի հռչակաւոր առեւտրական ցանցին: Գատիսը, ըլլալով ռազմավարական նաւահանգիստ եւ դէպի Ամերիկա (Նոր Աշխարհ) տանող գլխաւոր դարպասներէն մէկը, իտէալական կեդրոն էր այս վաճառականներուն համար, որոնք կը զբաղէին միջազգային առեւտուրով՝ կամրջելով Արեւելքն ու Արեւմուտքը:
17–րդ դարը Սպանիոյ համար չափազանց բարդ եւ վտանգաւոր ժամանակաշրջան էր՝ պայմանաւորուած Սպանական Հաւատաքննութեան խստութիւններով։ Այդ օրերուն օտարազգիներն ու այլադաւանները յաճախ խիստ հալածանքներու կ՚ենթարկուէին: Հակառակ այս սպառնալիքներուն, հայ վաճառականները յաջողեցան ոչ միայն պահպանել իրենց գոյութիւնն ու գործունէութիւնը, այլեւ յարգանք վայելել Կաթողիկէ եկեղեցւոյ կողմէ եւ արժանանալ անոր՝ ապահովութեան երաշխիքներուն։ Այս իմաստով առանցքային եղած է Գատիսի Սանթա Մարիա եկեղեցւոյ դերը, որ ապահով հանգրուան եւ հովանաւոր հանդիսացած է հայ համայնքին համար:
Այսօր, որպէս անցեալի լուռ վկայ եւ երախտագիտութեան տուրք, Սանթա Մարիա եկեղեցւոյ պատին զետեղուած է հայերէն արձանագրութեամբ յուշատախտակ մը: Ան կը յաւերժացնէ այն հայ վաճառականներուն յիշատակը, որոնք դարեր առաջ ապաստան ու պաշտպանութիւն գտան հաւատաքննութեան խաւար տարիներուն։ Այս յուշատախտակը խորհրդանիշն է երկու ժողովուրդներու պատմական կապին եւ վառ ապացոյցը այն իրողութեան, որ հայկական սփիւռքը կրցած է իր անջնջելի հետքը ձգել նոյնիսկ Եւրոպայի հեռաւոր ափերուն:
Աղբիւրը՝ Արեւելք
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.