Նիքարակուա․ ՄԱԿ-ը կը դատապարտէ ընտրութիւնները կասեցնելու որոշումը
Վատիկան Նիուզ – Հայկական Բաժանմունք
ՄԱԿ-ի Մարդկային իրաւանց բարձր յանձնակատար Վոլքեր Թիւրք դատապարտած է Նիքարակուայի մէջ քաղաքացիական եւ քաղաքական իրաւունքներու դէմ ուղղուած նոր ճնշումները, նախագահ Տանիէլ Օրթեկայի՝ նոր ընտրութիւններու կանչը կասեցնելու յայտարարութենէն ետք, եւ նիքարակուացի իշխանութիւններէն պահանջած է վերաբանալ քաղաքացիական տարածքը ու վերականգնել իրաւական պետութիւնը։
Խորհրդարան․ Օրթեկայի որոշումը օրէնքի վերածել
Նիքարակուայի Ազգային ժողովի նախագահ Կուսթավօ Փորրաս յայտարարած է, որ մինչեւ Յուլիսի վերջ խորհրդարանը բարեփոխում մը պիտի ներկայացնէ՝ Օրթեկայի որոշումները օրէնքի վերածելու համար։ Փորրասի համաձայն, այս որոշումը պիտի ծառայէ օտարերկրեայ միջամտութիւններուն դէմ պայքարելու եւ պաշտպանելու այն, ինչ որ ինք կոչած է «նիքարակուացի ժողովուրդին ժողովրդավարութիւնը»՝ պնդելով, որ երկրին քաղաքացիները իրենք պիտի որոշեն, թէ «երբ եւ ինչպէս» պիտի կայանան որեւէ ընտրական խորհրդակցութիւններ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.