Նիքարակուայի նախագահ Օրթեկա եւ իր կինը Նիքարակուայի նախագահ Օրթեկա եւ իր կինը  

Նիքարակուա․ ՄԱԿ-ը կը դատապարտէ ընտրութիւնները կասեցնելու որոշումը

Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան Մարդկային իրաւանց բարձր յանձնակատարութիւնը խիստ դիրքորոշում որդեգրած է՝ պահանջելով երկրին մէջ իրաւական պետութեան վերականգնումը, Նիքարակուայի նախագահ Օրթեկայի՝ նոր ընտրութիւններ կազմակերպելու գործընթացը կասեցնելու որոշումէն ետք։

Վատիկան Նիուզ – Հայկական Բաժանմունք

ՄԱԿ-ի Մարդկային իրաւանց բարձր յանձնակատար Վոլքեր Թիւրք դատապարտած է Նիքարակուայի մէջ քաղաքացիական եւ քաղաքական իրաւունքներու դէմ ուղղուած նոր ճնշումները, նախագահ Տանիէլ Օրթեկայի՝ նոր ընտրութիւններու կանչը կասեցնելու յայտարարութենէն ետք, եւ նիքարակուացի իշխանութիւններէն պահանջած է վերաբանալ քաղաքացիական տարածքը ու վերականգնել իրաւական պետութիւնը։

Խորհրդարան․ Օրթեկայի որոշումը օրէնքի վերածել

Նիքարակուայի Ազգային ժողովի նախագահ Կուսթավօ Փորրաս յայտարարած է, որ մինչեւ Յուլիսի վերջ խորհրդարանը բարեփոխում մը պիտի ներկայացնէ՝ Օրթեկայի որոշումները օրէնքի վերածելու համար։ Փորրասի համաձայն, այս որոշումը պիտի ծառայէ օտարերկրեայ միջամտութիւններուն դէմ պայքարելու եւ պաշտպանելու այն, ինչ որ ինք կոչած է «նիքարակուացի ժողովուրդին ժողովրդավարութիւնը»՝ պնդելով, որ երկրին քաղաքացիները իրենք պիտի որոշեն, թէ «երբ եւ ինչպէս» պիտի կայանան որեւէ ընտրական խորհրդակցութիւններ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

23/07/2026, 13:56