Որոնել

Էնտի Պըռնհամ Էնտի Պըռնհամ 

Էնտի Պըռնհամ` Բրիտանիոյ իշխող կուսակցութեան ղեկավար

Էնտի Պըռնհամ ընտրուեցաւ Բրիտանիոյ իշխող Աշխատաւորական կուսակցութեան ղեկավար եւ պիտի դառնայ երկրի նոր վարչապետը՝ փոխարինելով Քիր Սթարմըրը։ Ան յայտարարեց, թէ պատրաստ է պատասխանատուութիւն ստանձնելու, յոյս վերադարձնելու քաղաքացիներուն եւ բարեփոխումները տարածելու Լոնտոնէն դուրս՝ շրջանային անհաւասարութիւնը նուազեցնելու նպատակով։

Էնտի Պըռնհամ ընտրուեցաւ Բրիտանիոյ իշխող Աշխատաւորական կուսակցութեան ղեկավար, ինչ որ անոր կարելիութիւն պիտի տայ դառնալու անցեալ տասը տարուան ընթացքին Բրիտանիոյ եօթներորդ վարչապետը:

Կուսակցութեան ղեկավարի պաշտօնը ստանձնելէն ետք Պըռնհամ իր արտասանած առաջին խօսքին մէջ յայտարարեց, թէ պատրաստ է պատասխանատուութիւն ստանձնելու եւ վերադարձնելու յոյսը այն մարդոց, «որոնք չափազանց երկար սպասած են, որ քաղաքականութիւնը զիրենք մտաբերէ»:

Ան նաեւ երախտագիտութիւն յայտնած է Քիր Սթարմըրին, որուն ինք պիտի փոխարինէ երկուշաբթի օր:

Կ՛ակնկալուի, որ այդ օրն ալ ինքնին յստակ պիտի դառնայ Բրիտանիոյ նոր կառավարութեան կազմն ու օրակարգը:

Մինչ այդ, անցեալ ամիս Պըռնհամ ակնարկած էր, որ կը պատրաստուի բարեփոխումները Լոնտոնէն դէպի շրջաններ տանիլ` խորացող անհաւասարութիւնը նուազեցնելու համար:

Աղբիւրը՝ Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

18/07/2026, 07:00