Էնտի Պըռնհամ` Բրիտանիոյ իշխող կուսակցութեան ղեկավար
Էնտի Պըռնհամ ընտրուեցաւ Բրիտանիոյ իշխող Աշխատաւորական կուսակցութեան ղեկավար, ինչ որ անոր կարելիութիւն պիտի տայ դառնալու անցեալ տասը տարուան ընթացքին Բրիտանիոյ եօթներորդ վարչապետը:
Կուսակցութեան ղեկավարի պաշտօնը ստանձնելէն ետք Պըռնհամ իր արտասանած առաջին խօսքին մէջ յայտարարեց, թէ պատրաստ է պատասխանատուութիւն ստանձնելու եւ վերադարձնելու յոյսը այն մարդոց, «որոնք չափազանց երկար սպասած են, որ քաղաքականութիւնը զիրենք մտաբերէ»:
Ան նաեւ երախտագիտութիւն յայտնած է Քիր Սթարմըրին, որուն ինք պիտի փոխարինէ երկուշաբթի օր:
Կ՛ակնկալուի, որ այդ օրն ալ ինքնին յստակ պիտի դառնայ Բրիտանիոյ նոր կառավարութեան կազմն ու օրակարգը:
Մինչ այդ, անցեալ ամիս Պըռնհամ ակնարկած էր, որ կը պատրաստուի բարեփոխումները Լոնտոնէն դէպի շրջաններ տանիլ` խորացող անհաւասարութիւնը նուազեցնելու համար:
Աղբիւրը՝ Ազդակ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.