Որոնել

Հարաւային Լիբանան Հարաւային Լիբանան 

Լիբանան. ՄԱԿ-ը մտահոգութիւն կը յայտնէ իսրայէլեան յարձակումներուն գծով. Մարտ 2-էն ի վեր կայ 3,324 զոհ

Հակառակ կողմերու միջեւ զինադադարի երկարաձգման, Լիբանանի հարաւը եւ Պէյրութի արուարձաններուն մէջ իսրայէլեան յարձակումները կը սաստկանան՝ արձանագրելով հազարաւոր զոհեր ու վիրաւորներ եւ յառաջացնելով ՄԱԿ-ի խոր մտահոգութիւնը։ Զուգահեռաբար, դիւանագիտական գետնի վրայ կը շարունակուին լիբանանեան-իսրայէլեան զինուորական շփումները, ինչպէս նաեւ հիւլէական թղթածրարի շուրջ Միացեալ Նահանգներ-Իրան բանակցութիւնները, որոնց ծիրէն ներս Թեհրան Չինաստանը կը տեսնէ որպէս հաւանական երաշխաւոր, իսկ Վաշինկթըն նոր պատժամիջոցներ կ

Վատիկան Նիւզ -  Հայկական Բաժին

Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութիւնը (ՄԱԿ) այսօր խստօրէն դատապարտած է Լիբանանի դէմ իսրայէլեան յարձակումներու սաստկացումը՝ առանձնայատուկ մտահոգութիւն յայտնելով Պէյրութի հարաւային արուարձաններուն եւ երկրի հարաւային շրջաններուն վրայ գործադրուած ռմբակոծումներուն համար, ուր կը գործէ ՖԻՆԻՒԼ-ի (UNIFIL) խաղաղապահ առաքելութիւնը:

Լիբանանի Առողջապահութեան նախարարութեան հրապարակած վերջին տուեալները ցոյց կու տան տիրող կացութեան ողբերգական պատկերը. Մարտ 2-էն՝ Իսրայէլի եւ Հըզպօլլահի միջեւ բախումներու վերսկսումէն ի վեր, իսրայէլեան հարուածներուն պատճառով զոհերու թիւը հասած է 3,324-ի, իսկ վիրաւորներունը՝ 10,027-ի:

Գետնի վրայ բախումները կը շարունակուին

Հակառակ անոր որ անցեալ Մայիս 16-ին կողմերը 45 օրով երկարաձգած էին զինադադարը, գետնի վրայ իրավիճակը կը մնայ անփոփոխ եւ լարուած: Իսրայէլեան բանակը, տարհանման նոր հրահանգներ արձակելէ ետք, շարք մը օդային հարուածներ հասցուցած է Լիբանանի հարաւը՝ յատկապէս Սուրի (Թիր) եւ Նապաթիէի շրջաններուն մէջ, պատճառելով առնուազն չորս զոհ եւ բազմաթիւ վիրաւորներ:

Մասնաւորապէս, Թայր Տեպպայի մէջ մոտոսիքլէթի մը դէմ գործադրուած յարձակումին հետեւանքով երկու հոգի սպաննուած է, Ապպա գիւղին մէջ զոհուած է քաղաքապետական ոստիկանութեան պաշտօնեայ մը, իսկ Մաարուպի մէջ հարուած ստացած է Իսլամական առողջապահական կոմիտէի կեդրոնը՝ խլելով մէկ մարդկային կեանք:

Միւս կողմէ, Հըզպօլլահ յայտարարած է հարաւային ճակատի երկայնքով իսրայէլեան ուժերուն դէմ 19 յարձակում գործադրելու մասին՝ նշելով, որ կիրարկած է հրթիռներ, հրետանի եւ անօդաչու թռչող սարքեր:

Դիւանագիտական եռուզեռ

Զուգահեռաբար, դիւանագիտական գետնի վրայ շփումները կը շարունակուին: Լիբանանեան պատուիրակութիւնը՝ յատուկ սուրհանդակ Սայմըն Քարամի գլխաւորութեամբ, Վաշինկթընի մէջ հանդիպումներ ունեցած է ամերիկեան քաղաքական ու զինուորական բարձրաստիճան պաշտօնատարներու հետ՝ Պէյրութի դիրքորոշումը համադրելու նպատակով: Այսօր Փենթակոնի մէջ նախատեսուած է լիբանանեան եւ իսրայէլեան զինուորական պատուիրակութիւններու հանդիպումը՝ Յունիսի սկիզբը Ամերիկայի մայրաքաղաքին մէջ կայանալիք բանակցութիւններու չորրորդ փուլին ընդառաջ:

Միացեալ Նահանգներ - Իրան յարաբերութիւններ

Տարածաշրջանային ծիրէն ներս, ուշագրաւ զարգացումներ կան նաեւ հիւլէական թղթածրարի շուրջ Ամերիկայի եւ Իրանի միջեւ ընթացող կապերուն մէջ: Նախագահ Տոնալտ Թրամփ յայտարարած է, որ որեւէ համաձայնութիւն կախեալ է Վաշինկթընի համար «նպաստաւոր ու շահաւէտ» պայմաններու ապահովումէն, մինչդեռ փոխնախագահ Ճէյ Տի Վենս խօսած է բանակցութիւններու արձանագրած յառաջխաղացքին մասին՝ միաժամանակ ընդունելով, որ դեռ կան չլուծուած հարցեր:

Թեհրանէն, Արտաքին յարաբերութիւններու ռազմավարական խորհուրդի քարտուղար Ճալալ Տեհղանի Ֆիրուզապատի մատնանշած է Չինաստանը՝ որպէս հաւանական համաձայնութեան երաշխաւոր, եւ վերահաստատած Հորմուզի նեղուցի ռազմավարական կարեւորութիւնը: Այս բոլորին զուգահեռ, երէկ գիշեր Միացեալ Նահանգները՝ Ելեւմուտքի նախարարութեան ճամբով, յայտարարած է իրանեան քարիւղի մարզին դէմ նոր պատժամիջոցներու կիրարկման մասին:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/05/2026, 13:28