Լիբանան. ՄԱԿ-ը մտահոգութիւն կը յայտնէ իսրայէլեան յարձակումներուն գծով. Մարտ 2-էն ի վեր կայ 3,324 զոհ
Վատիկան Նիւզ - Հայկական Բաժին
Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութիւնը (ՄԱԿ) այսօր խստօրէն դատապարտած է Լիբանանի դէմ իսրայէլեան յարձակումներու սաստկացումը՝ առանձնայատուկ մտահոգութիւն յայտնելով Պէյրութի հարաւային արուարձաններուն եւ երկրի հարաւային շրջաններուն վրայ գործադրուած ռմբակոծումներուն համար, ուր կը գործէ ՖԻՆԻՒԼ-ի (UNIFIL) խաղաղապահ առաքելութիւնը:
Լիբանանի Առողջապահութեան նախարարութեան հրապարակած վերջին տուեալները ցոյց կու տան տիրող կացութեան ողբերգական պատկերը. Մարտ 2-էն՝ Իսրայէլի եւ Հըզպօլլահի միջեւ բախումներու վերսկսումէն ի վեր, իսրայէլեան հարուածներուն պատճառով զոհերու թիւը հասած է 3,324-ի, իսկ վիրաւորներունը՝ 10,027-ի:
Գետնի վրայ բախումները կը շարունակուին
Հակառակ անոր որ անցեալ Մայիս 16-ին կողմերը 45 օրով երկարաձգած էին զինադադարը, գետնի վրայ իրավիճակը կը մնայ անփոփոխ եւ լարուած: Իսրայէլեան բանակը, տարհանման նոր հրահանգներ արձակելէ ետք, շարք մը օդային հարուածներ հասցուցած է Լիբանանի հարաւը՝ յատկապէս Սուրի (Թիր) եւ Նապաթիէի շրջաններուն մէջ, պատճառելով առնուազն չորս զոհ եւ բազմաթիւ վիրաւորներ:
Մասնաւորապէս, Թայր Տեպպայի մէջ մոտոսիքլէթի մը դէմ գործադրուած յարձակումին հետեւանքով երկու հոգի սպաննուած է, Ապպա գիւղին մէջ զոհուած է քաղաքապետական ոստիկանութեան պաշտօնեայ մը, իսկ Մաարուպի մէջ հարուած ստացած է Իսլամական առողջապահական կոմիտէի կեդրոնը՝ խլելով մէկ մարդկային կեանք:
Միւս կողմէ, Հըզպօլլահ յայտարարած է հարաւային ճակատի երկայնքով իսրայէլեան ուժերուն դէմ 19 յարձակում գործադրելու մասին՝ նշելով, որ կիրարկած է հրթիռներ, հրետանի եւ անօդաչու թռչող սարքեր:
Դիւանագիտական եռուզեռ
Զուգահեռաբար, դիւանագիտական գետնի վրայ շփումները կը շարունակուին: Լիբանանեան պատուիրակութիւնը՝ յատուկ սուրհանդակ Սայմըն Քարամի գլխաւորութեամբ, Վաշինկթընի մէջ հանդիպումներ ունեցած է ամերիկեան քաղաքական ու զինուորական բարձրաստիճան պաշտօնատարներու հետ՝ Պէյրութի դիրքորոշումը համադրելու նպատակով: Այսօր Փենթակոնի մէջ նախատեսուած է լիբանանեան եւ իսրայէլեան զինուորական պատուիրակութիւններու հանդիպումը՝ Յունիսի սկիզբը Ամերիկայի մայրաքաղաքին մէջ կայանալիք բանակցութիւններու չորրորդ փուլին ընդառաջ:
Միացեալ Նահանգներ - Իրան յարաբերութիւններ
Տարածաշրջանային ծիրէն ներս, ուշագրաւ զարգացումներ կան նաեւ հիւլէական թղթածրարի շուրջ Ամերիկայի եւ Իրանի միջեւ ընթացող կապերուն մէջ: Նախագահ Տոնալտ Թրամփ յայտարարած է, որ որեւէ համաձայնութիւն կախեալ է Վաշինկթընի համար «նպաստաւոր ու շահաւէտ» պայմաններու ապահովումէն, մինչդեռ փոխնախագահ Ճէյ Տի Վենս խօսած է բանակցութիւններու արձանագրած յառաջխաղացքին մասին՝ միաժամանակ ընդունելով, որ դեռ կան չլուծուած հարցեր:
Թեհրանէն, Արտաքին յարաբերութիւններու ռազմավարական խորհուրդի քարտուղար Ճալալ Տեհղանի Ֆիրուզապատի մատնանշած է Չինաստանը՝ որպէս հաւանական համաձայնութեան երաշխաւոր, եւ վերահաստատած Հորմուզի նեղուցի ռազմավարական կարեւորութիւնը: Այս բոլորին զուգահեռ, երէկ գիշեր Միացեալ Նահանգները՝ Ելեւմուտքի նախարարութեան ճամբով, յայտարարած է իրանեան քարիւղի մարզին դէմ նոր պատժամիջոցներու կիրարկման մասին:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ