Որոնել

Կազա Կազա 

Իսրայէլ Կազա ուղղուող նաւերու ճամբան փակեց եւ գործիչներ ձերբակալեց

Իսրայէլեան ծովուժը միջազգային ջուրերու մէջ կասեցուցած է դէպի Կազա ուղղուող օժանդակութեան տորմիղը՝ գրաւելով շուրջ 50 նաւ եւ ձերբակալելով տասնեակ գործիչներ։ Մինչ Իսրայէլ կը յայտնէ, որ գործողութիւնը խաղաղ ընթացք ունեցած է, Թուրքիան խստօրէն դատապարտած է քայլը՝ զայն որակելով իբրեւ «ծովահէնութեան արարք»։

Իսրայէլ Յունաստանի մօտ միջազգային ջուրերու մէջ ճամբան փակեց նաւերու, որոնք Կազա օժանդակութիւններ կը փոխադրէին:

Նաւերու տորմիղը 12 ապրիլին նաւարկած էր Պարսելոնայէն` փորձելով Կազայի դէմ հաստատուած իսրայէլեան շրջափակումը խզել:

Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 12-րդ կայանը հաղորդեց, որ իսրայէլեան ծովուժը գրաւած է Կազա ուղղուող տորմիղը, շուրջ 50 նաւեր գրաւած է եւ 170 գործիչներ ձերբակալած:

Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարարութիւնը նշեց, թէ տորմիղին վրայ գտնուող շուրջ 175 գործիչներ խաղաղ կերպով դէպի Իսրայէլ կ՛ուղղուին:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց. «Իսրայէլեան ուժերու Դիմադրողականութեան միջազգային տորմիղին վրայ յարձակումը ծովահէնութեան արարք կը նկատուի»:

Աղբիւրը՝ Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/05/2026, 09:43