Իսրայէլ Կազա ուղղուող նաւերու ճամբան փակեց եւ գործիչներ ձերբակալեց
Իսրայէլ Յունաստանի մօտ միջազգային ջուրերու մէջ ճամբան փակեց նաւերու, որոնք Կազա օժանդակութիւններ կը փոխադրէին:
Նաւերու տորմիղը 12 ապրիլին նաւարկած էր Պարսելոնայէն` փորձելով Կազայի դէմ հաստատուած իսրայէլեան շրջափակումը խզել:
Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 12-րդ կայանը հաղորդեց, որ իսրայէլեան ծովուժը գրաւած է Կազա ուղղուող տորմիղը, շուրջ 50 նաւեր գրաւած է եւ 170 գործիչներ ձերբակալած:
Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարարութիւնը նշեց, թէ տորմիղին վրայ գտնուող շուրջ 175 գործիչներ խաղաղ կերպով դէպի Իսրայէլ կ՛ուղղուին:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց. «Իսրայէլեան ուժերու Դիմադրողականութեան միջազգային տորմիղին վրայ յարձակումը ծովահէնութեան արարք կը նկատուի»:
Աղբիւրը՝ Ազդակ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ