Որոնել

Միացեալ Նահանգներու. նախագահ Թրամփ Միացեալ Նահանգներու. նախագահ Թրամփ  (AFP or licensors)

Թրամփ. «Իրանի հետ պատերազմը աւարտին կը մօտենայ»

Նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարեց, որ Իրանի դէմ զինուորական գործողութիւնները մօտ են իրենց աւարտին եւ յաջողութեամբ կասեցուցած են Թեհրանի հիւլէական զէնք ձեռք ձգելու փորձերը։ Ան շեշտեց, որ Իրանը մեծապէս կը փափաքի համաձայնութեան հասնիլ Միացեալ Նահանգներու հետ, ինչ որ լաւագոյն ընտրանքն է երկրի վերակառուցման եւ տարածաշրջանային կայունութեան համար։

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ ամերիկեան «Ֆոքս Նիուզ» պատկերասփիւռի կայանին հետ զրոյցի ընթացքին յայտարարեց. «Իրանի հետ պատերազմը աւարտին կը մօտենայ»:

«Պէտք էր միջամտէի, եւ եթէ այդ մէկը չկատարէի, Իրան այս պահուս հիւլէական զէնք ունեցած կ՛ըլլար», ըսաւ ան:

«Մեր զինուորական վերջին աշխատանքը մետասաներորդ պահուն արգելք հանդիսացաւ, որ Իրան հիւլէական զէնք ձեռք ձգէ», յայտնեց Թրամփ:

«Իրանի դէմ զինուորական գործողութիւնը աւարտելու շատ մօտ է, եւ Թեհրան վերակառուցման համար 20 տարուան կը կարօտի», նշեց Միացեալ Նահանգներու նախագահը:

«Տակաւին Իրանի դէմ մեր զինուորական գործողութիւնը ամբողջական կերպով չաւարտեցինք. տեսնենք յառաջիկայ օրերը ի՛նչ կը բերեն», նշեց Սպիտակ տան ղեկավարը` աւելցնելով. «Իրանցիները շատ կ՛ուզեն մեզի հետ գործարք կնքել»:

Թրամփ ամերիկեան «Էյ.Պի.Սի.» պատկերասփիւռի կայանին ալ յայտնեց, որ Իրանի հետ զինադադարը երկարաձգելու մասին չի մտածեր, որովհետեւ անհրաժեշտ պիտի չըլլայ` աւելցնելով. «Յառաջիկայ երկու օրերը հոյակապ պիտի ըլլան»:

Ան նշեց, որ Իրանի հետ համաձայնութեան հասնիլը լաւագոյն ընտրանքն է, որովհետեւ անոր վերաշինութիւն կատարել կ՛արտօնէ:

Ըստ անոր, Իրան «ներկայիս տարբեր վարչակարգ մը ունի»` աւելցնելով. «Ամէն պարագայի ծայրայեղականները չէզոքացուցինք»:

Թրամփ նաեւ շեշտեց. «եթէ Միացեալ Նահանգներու նախագահը չըլլայի, աշխարհը կը պարտուէր»:

Ան ըսաւ, որ թող մէկը «բարեհաճի եւ Լեւոն ԺԴ. պապին տեղեկացնէ, թէ Իրանի հիւլէական ռումբ ունենալը «բացարձակապէս անընդունելի է», եւ Իրան անցնող երկու ամիսներու ընթացքին առնուազն 42 հազար «անմեղ ու անզէն» ցուցարարներ սպաննեց:

Թրամփ նաեւ նշեց. «ՕԹԱՆ-ը մեր կողքին չէր եւ ապագային ալ մեր կողքին պիտի չըլլայ»:

Միացեալ Նահանգներու նախագահը «Ֆոքս Պիզնես»-ի հետ ալ զրոյցի ընթացքին յայտարարեց. «Կը կարծեմ, որ Իրանի պատերազմը կրնայ շատ շուտով աւարտիլ»` աւելցնելով. «Եթէ իրանցիները խելացի վարուին, ամէն ինչ շատ արագ պիտի աւարտի»:

«Եթէ չմիջամտէի, Իրանը հիմա հիւլէական զէնք ունեցած պիտի ըլլար», նշեց ան:

«Քարիւղի գիները իրենց նախկին վիճակին պիտի վերադառնան եւ թերեւս ալ աւելի նուազին», նշեց Սպիտակ տան ղեկավարը` նշելով. «Իրանի դէմ մեր գործողութիւնները տակաւին չաւարտեցինք»:

«Ո՛չ Սէուտական Արաբիան, ո՛չ ալ Չինաստանը Հորմուզի նեղուցի փակման վերաբերեալ հետս խօսեցան», ըսաւ ան:

«Իրանցիները կ՛ուզէին Միջին Արեւելքին տիրել, սակայն այդ միտումը կասեցուցի», նշեց Թրամփ` աւելցնելով. «Անոնք մեծապէս կը փափաքին գործարք կնքել»:

Աղբիւրը՝ Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/04/2026, 09:28