Թրամփ. «Իրանի հետ պատերազմը աւարտին կը մօտենայ»
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ ամերիկեան «Ֆոքս Նիուզ» պատկերասփիւռի կայանին հետ զրոյցի ընթացքին յայտարարեց. «Իրանի հետ պատերազմը աւարտին կը մօտենայ»:
«Պէտք էր միջամտէի, եւ եթէ այդ մէկը չկատարէի, Իրան այս պահուս հիւլէական զէնք ունեցած կ՛ըլլար», ըսաւ ան:
«Մեր զինուորական վերջին աշխատանքը մետասաներորդ պահուն արգելք հանդիսացաւ, որ Իրան հիւլէական զէնք ձեռք ձգէ», յայտնեց Թրամփ:
«Իրանի դէմ զինուորական գործողութիւնը աւարտելու շատ մօտ է, եւ Թեհրան վերակառուցման համար 20 տարուան կը կարօտի», նշեց Միացեալ Նահանգներու նախագահը:
«Տակաւին Իրանի դէմ մեր զինուորական գործողութիւնը ամբողջական կերպով չաւարտեցինք. տեսնենք յառաջիկայ օրերը ի՛նչ կը բերեն», նշեց Սպիտակ տան ղեկավարը` աւելցնելով. «Իրանցիները շատ կ՛ուզեն մեզի հետ գործարք կնքել»:
Թրամփ ամերիկեան «Էյ.Պի.Սի.» պատկերասփիւռի կայանին ալ յայտնեց, որ Իրանի հետ զինադադարը երկարաձգելու մասին չի մտածեր, որովհետեւ անհրաժեշտ պիտի չըլլայ` աւելցնելով. «Յառաջիկայ երկու օրերը հոյակապ պիտի ըլլան»:
Ան նշեց, որ Իրանի հետ համաձայնութեան հասնիլը լաւագոյն ընտրանքն է, որովհետեւ անոր վերաշինութիւն կատարել կ՛արտօնէ:
Ըստ անոր, Իրան «ներկայիս տարբեր վարչակարգ մը ունի»` աւելցնելով. «Ամէն պարագայի ծայրայեղականները չէզոքացուցինք»:
Թրամփ նաեւ շեշտեց. «եթէ Միացեալ Նահանգներու նախագահը չըլլայի, աշխարհը կը պարտուէր»:
Ան ըսաւ, որ թող մէկը «բարեհաճի եւ Լեւոն ԺԴ. պապին տեղեկացնէ, թէ Իրանի հիւլէական ռումբ ունենալը «բացարձակապէս անընդունելի է», եւ Իրան անցնող երկու ամիսներու ընթացքին առնուազն 42 հազար «անմեղ ու անզէն» ցուցարարներ սպաննեց:
Թրամփ նաեւ նշեց. «ՕԹԱՆ-ը մեր կողքին չէր եւ ապագային ալ մեր կողքին պիտի չըլլայ»:
Միացեալ Նահանգներու նախագահը «Ֆոքս Պիզնես»-ի հետ ալ զրոյցի ընթացքին յայտարարեց. «Կը կարծեմ, որ Իրանի պատերազմը կրնայ շատ շուտով աւարտիլ»` աւելցնելով. «Եթէ իրանցիները խելացի վարուին, ամէն ինչ շատ արագ պիտի աւարտի»:
«Եթէ չմիջամտէի, Իրանը հիմա հիւլէական զէնք ունեցած պիտի ըլլար», նշեց ան:
«Քարիւղի գիները իրենց նախկին վիճակին պիտի վերադառնան եւ թերեւս ալ աւելի նուազին», նշեց Սպիտակ տան ղեկավարը` նշելով. «Իրանի դէմ մեր գործողութիւնները տակաւին չաւարտեցինք»:
«Ո՛չ Սէուտական Արաբիան, ո՛չ ալ Չինաստանը Հորմուզի նեղուցի փակման վերաբերեալ հետս խօսեցան», ըսաւ ան:
«Իրանցիները կ՛ուզէին Միջին Արեւելքին տիրել, սակայն այդ միտումը կասեցուցի», նշեց Թրամփ` աւելցնելով. «Անոնք մեծապէս կը փափաքին գործարք կնքել»:
Աղբիւրը՝ Ազդակ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ