Եւրոպական Դատարանը Պաքուէն պահանջեց մինչեւ 31 օգոստոս գերիներու դատավճիռները տրամադրել
Ատրպէյճան մնայուն կերպով դիմում կը ներկայացնէ Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարան` խնդրելով վերացնել միջանկեալ միջոցը, որով Ատրպէյճան պարտաւոր է պարբերաբար հաշուետուութիւն ներկայացնել Ատրպէյճանի մէջ պահուող հայ գերիներու պահման պայմաններուն, անոնց առողջական վիճակին մասին: Ատրպէյճան կը հաւաստիացնէ, որ բոլոր գործընթացները կ՛ընթանան թափանցիկ եւ հրապարակային:
Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանը 9 Ապրիլ 2026ին մերժեց Ատրպէյճանի հերթական դիմումը` Ատրպէյճանի կառավարութիւնը կրկին պարտաւորեցնելով շարունակելու տրամադրել տեղեկութիւններ կալանաւորուածներու պահման պայմաններուն, ինչպէս նաեւ անոնց վերջին բժշկական քարտերու ու իրականացուած բժշկական հետազօտութիւններուն եւ բուժման վերաբերեալ այլ փաստաթուղթերու մասին: Դատարանը կը ստիպէ նաեւ ներկայացնել հայ գերիներուն դէմ յարուցուած քրէական վարոյթի ծիրին մէջ կայացուած դատավճիռներու պատճէնները կամ այդ դատավճիռներու ամփոփագիրները, որոնք պէտք է ներառեն դատավճիռ կայացուցած դատաւորներուն հիմնաւորումները` գործին մէջ առկայ ապացոյցներու վրայ հիմնուած:
Զեկոյցի ներկայացման յաջորդ վերջնաժամկէտը 31 Օգոստոս 2026 է:
Աղբիւրը `Ասպարէզ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ