2026.04.17 Prigioneri armeni a Baku

Եւրոպական Դատարանը Պաքուէն պահանջեց մինչեւ 31 օգոստոս գերիներու դատավճիռները տրամադրել

Դատարանը կը ստիպէ նաեւ ներկայացնել հայ գերիներուն դէմ յարուցուած քրէական վարոյթի ծիրին մէջ կայացուած դատավճիռներու պատճէնները կամ այդ դատավճիռներու ամփոփագիրները, որոնք պէտք է ներառեն դատավճիռ կայացուցած դատաւորներուն հիմնաւորումները` գործին մէջ առկայ ապացոյցներու վրայ հիմնուած:

Ատրպէյճան մնայուն կերպով  դիմում կը ներկայացնէ Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարան` խնդրելով վերացնել միջանկեալ միջոցը, որով Ատրպէյճան պարտաւոր է պարբերաբար հաշուետուութիւն ներկայացնել Ատրպէյճանի մէջ պահուող հայ գերիներու պահման պայմաններուն, անոնց առողջական վիճակին մասին: Ատրպէյճան կը հաւաստիացնէ, որ բոլոր գործընթացները կ՛ընթանան թափանցիկ եւ հրապարակային:

Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանը 9 Ապրիլ 2026ին մերժեց Ատրպէյճանի հերթական դիմումը` Ատրպէյճանի կառավարութիւնը կրկին պարտաւորեցնելով շարունակելու տրամադրել տեղեկութիւններ կալանաւորուածներու պահման պայմաններուն, ինչպէս նաեւ անոնց վերջին բժշկական քարտերու ու իրականացուած բժշկական հետազօտութիւններուն եւ բուժման վերաբերեալ այլ փաստաթուղթերու մասին: Դատարանը կը ստիպէ նաեւ ներկայացնել հայ գերիներուն դէմ յարուցուած քրէական վարոյթի ծիրին մէջ կայացուած դատավճիռներու պատճէնները կամ այդ դատավճիռներու ամփոփագիրները, որոնք պէտք է ներառեն դատավճիռ կայացուցած դատաւորներուն հիմնաւորումները` գործին մէջ առկայ ապացոյցներու վրայ հիմնուած:

Զեկոյցի ներկայացման յաջորդ վերջնաժամկէտը 31 Օգոստոս 2026 է: 

Աղբիւրը `Ասպարէզ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/04/2026, 08:34