Որոնել

Քաթար, Իրան, Իսրայէլ, պատերազմ Քաթար, Իրան, Իսրայէլ, պատերազմ 

Տոհա. «Անհրաժեշտ է անմիջապէս դադրեցնել որեւէ մագլցողական քայլ, եւ վերադառնալ երկխօսութեան սեղան»

Միջին Արեւելքի մէջ լարուածութիւնը կը շարունակէ սրիլ՝ Իրանի եւ ամերիկեան-իսրայէլեան դաշինքի միջեւ ռազմական բախումներով, ինչպէս նաեւ տարբեր երկիրներու կողմէ ուժերու տեղակայման ու զօրակցութեան յայտարարութիւններով։ Մինչ միջազգային դերակատարները կը փորձեն հասկնալ հակամարտութեան հեռանկարներն ու տնտեսական հետեւանքները, Իրանի տարածքին կը շարունակուին ռազմական գործողութիւններն ու փոխադարձ սպառնալիքները։

Քաթարի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ պըն Ապտելռահման Պըն Ժասեմ Ալ Թանի Ծոց-Եւրոպա նախարարական արտակարգ առցանց ժողովի ընթացքին վերահաստատեց իր դատապարտումը «իրանեան յարձակումներուն, որոնք թիրախաւորեցին քաթարեան հողերը, ինչպէս նաեւ Ծոցի համագործակցութեան խորհուրդի պետութիւններուն եւ եղբայրական պետութիւններուն վրայ իրանեան յարձակումները»:

«Անհրաժեշտ է անմիջապէս դադրեցնել որեւէ մագլցողական քայլ եւ վերադառնալ երկխօսութեան սեղան, առաջնահերթութիւն տալ բանականութեան ու իմաստութեան եւ աշխատանք տանիլ ճգնաժամը զսպելու ուղղութեամբ այնպէս, որ պահպանուի շրջանի անվտանգութիւնը», նշեց Քաթարի արտաքին գործոց նախարարը:

«Քաթարեան հողերուն վրայ իրանեան յարձակումը անոր գերիշխանութեան բացայայտ ոտնահարում մը կը նկատուի, բարի դրացնութեան սկզբունքներուն համահունչ չէ, եւ կարելի չէ զայն որեւէ արդարացման կամ պատրուակի հիմամբ ընդունիլ», ըսաւ ան:

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի Միացեալ Նահանգները ամբաստանեց «Սրի Լանքայի ծովեզերքին մօտ իրանեան յածանաւ մը ընկղմելով ահաւոր արարք մը գործելու յանցանքով»` զգուշացնելով. «Խօսքս ձեր միտքը պահեցէք. Միացեալ Նահանգներ մեծապէս պիտի զղջան այս նախադէպին համար»:

Աւստրալիոյ վարչապետ Անթընի Ալպանեզ իբրեւ նախազգուշական քայլ Միջին Արեւելքի մէջ «զինուորական կարողականութիւններու» տեղակայումը յայտարարեց:

«Շնորհակալութի՛ւն աւստրալիացիներուն, որոնք իրենց քաղաքացիներուն օգնելու համար դէպի վտանգաւոր կացութիւն կ՛ուղղուին», ըսաւ ան:

Վարչապետը «կարողականութիւններու» մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ չտուաւ, սակայն աւստրալիական «Էս.Պի.Էս.Նիուզ» պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, թէ խօսքը օդանաւերու մասին է:

Քանատայի վարչապետ Մարք Քառնի յայտարարեց, թէ իր երկրին Միջին Արեւելքի մէջ պատերազմին զինուորական մասնակցութիւնը չի կրնար բացառել:

Սպանիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտնեց. «Յածանաւ մը Կիպրոս պիտի ուղարկենք` ընկերակցելով ֆրանսական օդանաւակիրի մը եւ յունական ծովուժին պատկանող այլ նաւերու»:

Ֆրանսական բանակի սպայակոյտը յայտարարեց, թէ ամերիկեան օդանաւերուն կ՛արտօնէ Միջին Արեւելքի մէջ ֆրանսական ռազմակայանները օգտագործելու:

Աղբիւրներ «Նիւ Եորք Թայմզ»-ին յայտնած են, որ Գերմանիոյ վարչապետ Ֆրետրիշ Մերց Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ իր հանդիպումին ընթացքին Իրանի հետ հակամարտութեան աւարտի ձեւի եւ պայմաններուն մասին հարցումներ հարցուցած է:

«Մերց պնդեց իմանալ, թէ նախագահ Թրամփ նախապէս մտածա՞ծ է Իրանի մէջ գործողութիւնները աւարտելու ձեւին ու պայմաններուն մասին», նշեց օրաթերթը:

Գերմանիոյ վարչապետը երեքշաբթի օր տեղի ունեցած հանդիպումի ընթացքին զօրակցութիւն յայտնած էր Իրանի դէմ ամերիկեան-իսրայէլեան պատերազմի նպատակներուն եւ կոչ ուղղած զայն «կարելի եղածին չափ շուտ աւարտելու»` Եւրոպայի վրայ անոր տնտեսական հետեւանքներէն խուսափելու համար:

Իրանի փրկարարական ծառայութեան պետը յայտարարեց, թէ պատերազմի սկիզբէն ի վեր իրանեան 29 նահանգներ եւ 172 քաղաքներ ամերիկեան եւ իսրայէլեան յարձակումներու ենթարկուած են:

Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 14-րդ կայանը հաղորդեց, թէ ամերիկեան «Էֆ-15» օդանաւ մը ջախջախուած է արեւմտեան Իրանի մէջ: Անոր անձնակազմը անկարգելով էջք կատարած է իրանեան հողի վրայ: Ամերիկեան-իսրայէլեան միացեալ ուժ մը կրցած է անձնակազմի անդամները փրկել:

«Փոլիթիքօ» օրաթերթը հաղորդեց, որ ամերիկեան բանակի կեդրոնական հրամանատարութիւնը Փենթակոնէն խնդրած է հետախուզութեան սպաներ ուղարկել Իրանի դէմ գործողութիւններուն` ոչ նուազ քան 100 օր տեւողութեամբ աջակցելու համար:

Աղբիւրը՝ Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/03/2026, 08:55