Տոհա. «Անհրաժեշտ է անմիջապէս դադրեցնել որեւէ մագլցողական քայլ, եւ վերադառնալ երկխօսութեան սեղան»
Քաթարի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ պըն Ապտելռահման Պըն Ժասեմ Ալ Թանի Ծոց-Եւրոպա նախարարական արտակարգ առցանց ժողովի ընթացքին վերահաստատեց իր դատապարտումը «իրանեան յարձակումներուն, որոնք թիրախաւորեցին քաթարեան հողերը, ինչպէս նաեւ Ծոցի համագործակցութեան խորհուրդի պետութիւններուն եւ եղբայրական պետութիւններուն վրայ իրանեան յարձակումները»:
«Անհրաժեշտ է անմիջապէս դադրեցնել որեւէ մագլցողական քայլ եւ վերադառնալ երկխօսութեան սեղան, առաջնահերթութիւն տալ բանականութեան ու իմաստութեան եւ աշխատանք տանիլ ճգնաժամը զսպելու ուղղութեամբ այնպէս, որ պահպանուի շրջանի անվտանգութիւնը», նշեց Քաթարի արտաքին գործոց նախարարը:
«Քաթարեան հողերուն վրայ իրանեան յարձակումը անոր գերիշխանութեան բացայայտ ոտնահարում մը կը նկատուի, բարի դրացնութեան սկզբունքներուն համահունչ չէ, եւ կարելի չէ զայն որեւէ արդարացման կամ պատրուակի հիմամբ ընդունիլ», ըսաւ ան:
Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի Միացեալ Նահանգները ամբաստանեց «Սրի Լանքայի ծովեզերքին մօտ իրանեան յածանաւ մը ընկղմելով ահաւոր արարք մը գործելու յանցանքով»` զգուշացնելով. «Խօսքս ձեր միտքը պահեցէք. Միացեալ Նահանգներ մեծապէս պիտի զղջան այս նախադէպին համար»:
Աւստրալիոյ վարչապետ Անթընի Ալպանեզ իբրեւ նախազգուշական քայլ Միջին Արեւելքի մէջ «զինուորական կարողականութիւններու» տեղակայումը յայտարարեց:
«Շնորհակալութի՛ւն աւստրալիացիներուն, որոնք իրենց քաղաքացիներուն օգնելու համար դէպի վտանգաւոր կացութիւն կ՛ուղղուին», ըսաւ ան:
Վարչապետը «կարողականութիւններու» մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ չտուաւ, սակայն աւստրալիական «Էս.Պի.Էս.Նիուզ» պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, թէ խօսքը օդանաւերու մասին է:
Քանատայի վարչապետ Մարք Քառնի յայտարարեց, թէ իր երկրին Միջին Արեւելքի մէջ պատերազմին զինուորական մասնակցութիւնը չի կրնար բացառել:
Սպանիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտնեց. «Յածանաւ մը Կիպրոս պիտի ուղարկենք` ընկերակցելով ֆրանսական օդանաւակիրի մը եւ յունական ծովուժին պատկանող այլ նաւերու»:
Ֆրանսական բանակի սպայակոյտը յայտարարեց, թէ ամերիկեան օդանաւերուն կ՛արտօնէ Միջին Արեւելքի մէջ ֆրանսական ռազմակայանները օգտագործելու:
Աղբիւրներ «Նիւ Եորք Թայմզ»-ին յայտնած են, որ Գերմանիոյ վարչապետ Ֆրետրիշ Մերց Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ իր հանդիպումին ընթացքին Իրանի հետ հակամարտութեան աւարտի ձեւի եւ պայմաններուն մասին հարցումներ հարցուցած է:
«Մերց պնդեց իմանալ, թէ նախագահ Թրամփ նախապէս մտածա՞ծ է Իրանի մէջ գործողութիւնները աւարտելու ձեւին ու պայմաններուն մասին», նշեց օրաթերթը:
Գերմանիոյ վարչապետը երեքշաբթի օր տեղի ունեցած հանդիպումի ընթացքին զօրակցութիւն յայտնած էր Իրանի դէմ ամերիկեան-իսրայէլեան պատերազմի նպատակներուն եւ կոչ ուղղած զայն «կարելի եղածին չափ շուտ աւարտելու»` Եւրոպայի վրայ անոր տնտեսական հետեւանքներէն խուսափելու համար:
Իրանի փրկարարական ծառայութեան պետը յայտարարեց, թէ պատերազմի սկիզբէն ի վեր իրանեան 29 նահանգներ եւ 172 քաղաքներ ամերիկեան եւ իսրայէլեան յարձակումներու ենթարկուած են:
Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 14-րդ կայանը հաղորդեց, թէ ամերիկեան «Էֆ-15» օդանաւ մը ջախջախուած է արեւմտեան Իրանի մէջ: Անոր անձնակազմը անկարգելով էջք կատարած է իրանեան հողի վրայ: Ամերիկեան-իսրայէլեան միացեալ ուժ մը կրցած է անձնակազմի անդամները փրկել:
«Փոլիթիքօ» օրաթերթը հաղորդեց, որ ամերիկեան բանակի կեդրոնական հրամանատարութիւնը Փենթակոնէն խնդրած է հետախուզութեան սպաներ ուղարկել Իրանի դէմ գործողութիւններուն` ոչ նուազ քան 100 օր տեւողութեամբ աջակցելու համար:
Աղբիւրը՝ Ազդակ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ