Իրանի Հարցով ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդի նիստ
ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը գումարեց Իրանի հարցով նիստ մը, որուն ընթացքին ՄԱԿ-ի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մայք Ուոլց յայտարարեց, թէ Միացեալ Նահանգներ կ՛աջակցին Իրանի խիզախ ժողովուրդին, իսկ նախագահ Տանըլտ Թրամփ հասկցուցած է, որ «կոտորածը դադրեցնելու համար» կը դիտարկուին բոլոր տարբերակները:
Ուոլց հերքած է Իրանի մեղադրանքները, թէ բողոքի ցոյցերը «օտարերկրեայ դաւադրութիւններ են», որոնք ուղղուած են զինուորական գործողութիւններու նախապատրաստման:
«Անոնք կը վախնան: Անոնք իրենց սեփական ժողովուրդէն կը վախնան», ըսած է ան:
ՄԱԿ-ի մէջ Իրանի փոխդեսպան Ղոլամհոսէյն Տարզի արձագանգած է, թէ Թեհրան չի ձգտիր սրման կամ ճակատման, եւ Միացեալ Նահանգները մեղադրած սուտի, խեղաթիւրման եւ փաստերու միտումնաւոր քարոզարշաւի ապատեղեկատուութեան մէջ:
Ան շեշտած է, որ յարձակումի որեւէ ուղղակի կամ անուղղակի գործողութեան պիտի տրուի վճռական, համաչափ եւ օրինական պատասխան:
Լուրը՝ Ազդակէն
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ