ՄԱԿ-ի անվտանգութեան խորհուրի նիստ ՄԱԿ-ի անվտանգութեան խորհուրի նիստ  (ANSA)

Իրանի Հարցով ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդի նիստ

ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի նիստին ընթացքին, ԱՄՆ-ի դեսպան Մայք Ուոլց յայտնեց իրենց աջակցութիւնը Իրանի ժողովուրդին՝ շեշտելով, որ նախագահ Թրամփ կը դիտարկէ բոլոր տարբերակները կոտորածը դադրեցնելու համար։ Ի պատասխան, Իրանի փոխդեսպանը մեղադրեց Միացեալ Նահանգները ապատեղեկատուութեան մէջ եւ զգուշացուց, որ որեւէ յարձակում պիտի արժանանայ վճռական ու համաչափ պատասխանի։

ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը գումարեց Իրանի հարցով նիստ մը, որուն ընթացքին ՄԱԿ-ի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մայք Ուոլց յայտարարեց, թէ Միացեալ Նահանգներ կ՛աջակցին Իրանի խիզախ ժողովուրդին, իսկ նախագահ Տանըլտ Թրամփ հասկցուցած է, որ «կոտորածը դադրեցնելու համար» կը դիտարկուին բոլոր տարբերակները:

Ուոլց հերքած է Իրանի մեղադրանքները, թէ բողոքի ցոյցերը «օտարերկրեայ դաւադրութիւններ են», որոնք ուղղուած են զինուորական գործողութիւններու նախապատրաստման:

«Անոնք կը վախնան: Անոնք իրենց սեփական ժողովուրդէն կը վախնան», ըսած է ան:

ՄԱԿ-ի մէջ Իրանի փոխդեսպան Ղոլամհոսէյն Տարզի արձագանգած է, թէ Թեհրան չի ձգտիր սրման կամ ճակատման, եւ Միացեալ Նահանգները մեղադրած սուտի, խեղաթիւրման եւ փաստերու միտումնաւոր քարոզարշաւի ապատեղեկատուութեան մէջ:

Ան շեշտած է, որ յարձակումի որեւէ ուղղակի կամ անուղղակի գործողութեան պիտի տրուի վճռական, համաչափ եւ օրինական պատասխան:

Լուրը՝ Ազդակէն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/01/2026, 09:46