Արաղչի. «Երկրին մէջ ամբողջական հանդարտութիւն կը տիրէ, եւ կացութիւնը ամբողջովին վերահսկողութեան տակ առնուեցաւ»
Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի յայտնեց. «Ո՛չ այսօր, ո՛չ ալ վաղը կախաղանի ճամբով մահապատիժներ պիտի ըլլան»: Թեհրան նախապէս յայտարարած էր, որ ցուցարարներուն դատավարութիւնները պիտի արագացնէ:
Արաղչի ամերիկեան «Ֆոքս Նիուզ» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց, որ Իրանի դիմագրաւած տնտեսական դժուարութիւններուն պատճառով 10 օրուան խաղաղ ցոյցերուն յաջորդած են Իսրայէլի կազմակերպութեամբ բռնարարքներու երեք օրեր:
Իրանեան դիւանագիտութեան պետը շեշտեց, որ Իրանի մէջ ցոյցերն ու ներքին անկարգութիւնները վերջ գտած են, եւ երկրին մէջ ամբողջական «հանդարտութիւն» կը տիրէ եւ կացութիւնը «ամբողջական վերահսկողութեան» տակ է:
«Բռնարարքներու հեղինակները իսկական ցուցարարներ չէին, այլ իսրայէլեան սադրանքով սնանող ահաբեկչական բջիջներ», ըսաւ ան:
«Ահաբեկիչներու դէմ կը պայքարէինք, եւ ոչ թէ ցուցարարներու: Անոնք կրակ բացին, որովհետեւ ուզեցին Ամերիկան պատերազմի մէջ ներքաշել: Ասիկա իրապէս իսրայէլեան սադրանք էր», յայտնեց իրանեան դիւանագիտութեան պետը:
Ան շեշտեց, որ կառավարութիւնը «առաւելագոյն ինքնազսպում» ցուցաբերած է, եւ «արտասահմանէն ղեկավարուող ահաբեկչական տարրեր» ներթափանցած են ցոյցերուն մէջ եւ սկսած ոստիկանական ուժերուն ու քաղաքացիներուն վրայ կրակ բանալ:
Արաղչի նաեւ նշեց, որ բանակցութեան ուղին բաց կը մնայ: «Իրան փաստեց, որ պատրաստ է բանակցելու, պատրաստ է երկխօսութեան: Դիւանագիտութիւնը պատերազմէն լաւ է, եւ դիւանագիտութիւնը, հակառակ այն իրողութեան, որ Միացեալ Նահանգներու հետ դրական փորձառութիւն չունինք, տակաւին պատերազմէն շատ աւելի լաւ է», ընդգծեց Իրանի արտաքին գործոց նախարարը:
Լուրը՝ Ազդակէն
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ