Իրանի դրօշակը Իրանի դրօշակը  (AFP or licensors)

Արաղչի. «Երկրին մէջ ամբողջական հանդարտութիւն կը տիրէ, եւ կացութիւնը ամբողջովին վերահսկողութեան տակ առնուեցաւ»

Ապպաս Արաղչի յայտարարեց, որ Իրանի մէջ կացութիւնը լիովին վերահսկողութեան տակ է՝ պնդելով, որ բռնութիւնները հրահրուած էին Իսրայէլի կողմէ ուղղորդուող «ահաբեկչական բջիջներու» կողմէ եւ ոչ թէ խաղաղ ցուցարարներու։ Նախարարը շեշտեց, որ կառավարութիւնը ցուցաբերած է ինքնազսպում եւ, հակառակ լարուածութեան, Թեհրան տակաւին նախընտրելի կը նկատէ դիւանագիտութեան ու բանակցութեան ուղին։

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի յայտնեց. «Ո՛չ այսօր, ո՛չ ալ վաղը կախաղանի ճամբով մահապատիժներ պիտի ըլլան»: Թեհրան նախապէս յայտարարած էր, որ ցուցարարներուն դատավարութիւնները պիտի արագացնէ:

Արաղչի ամերիկեան «Ֆոքս Նիուզ» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց, որ Իրանի դիմագրաւած տնտեսական դժուարութիւններուն պատճառով 10 օրուան խաղաղ ցոյցերուն յաջորդած են Իսրայէլի կազմակերպութեամբ բռնարարքներու երեք օրեր:

Իրանեան դիւանագիտութեան պետը շեշտեց, որ Իրանի մէջ ցոյցերն ու ներքին անկարգութիւնները վերջ գտած են, եւ երկրին մէջ ամբողջական «հանդարտութիւն» կը տիրէ եւ կացութիւնը «ամբողջական վերահսկողութեան» տակ է:

«Բռնարարքներու հեղինակները իսկական ցուցարարներ չէին, այլ իսրայէլեան սադրանքով սնանող ահաբեկչական բջիջներ», ըսաւ ան:

«Ահաբեկիչներու դէմ կը պայքարէինք, եւ ոչ թէ ցուցարարներու: Անոնք կրակ բացին, որովհետեւ ուզեցին Ամերիկան պատերազմի մէջ ներքաշել: Ասիկա իրապէս իսրայէլեան սադրանք էր», յայտնեց իրանեան դիւանագիտութեան պետը:

Ան շեշտեց, որ կառավարութիւնը «առաւելագոյն ինքնազսպում» ցուցաբերած է, եւ «արտասահմանէն ղեկավարուող ահաբեկչական տարրեր» ներթափանցած են ցոյցերուն մէջ եւ սկսած ոստիկանական ուժերուն ու քաղաքացիներուն վրայ կրակ բանալ:

Արաղչի նաեւ նշեց, որ բանակցութեան ուղին բաց կը մնայ: «Իրան փաստեց, որ պատրաստ է բանակցելու, պատրաստ է երկխօսութեան: Դիւանագիտութիւնը պատերազմէն լաւ է, եւ դիւանագիտութիւնը, հակառակ այն իրողութեան, որ Միացեալ Նահանգներու հետ դրական փորձառութիւն չունինք, տակաւին պատերազմէն շատ աւելի լաւ է», ընդգծեց Իրանի արտաքին գործոց նախարարը:

Լուրը՝ Ազդակէն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/01/2026, 09:31