Որոնել

Արամ Ա Վեհափառ Հայրապետը Արամ Ա Վեհափառ Հայրապետը 

Արամ Ա. Կաթողիկոսի մասնակցութեամբ փակումը կատարուեցաւ Քրիստոնէական միութեան աղօթքի շաբթուան

2026-ի Քրիստոնէական միութեան աղօթքի շաբթուան բացումը կատարուեցաւ 18 Յունուարին Անթիլիասի Մայր Տաճարին մէջ՝ նախագահութեամբ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, իսկ փակման հանդիսաւոր արարողութիւնը տեղի ունեցաւ 25 Յունուարին Պաապտայի Սուրբ Ռաֆայէլ մայր տաճարին մէջ՝ Միջին Արեւելքի քրիստոնեայ պետերու եւ հոգեւորականութեան մասնակցութեամբ: Այս ութօրեայ աղօթքի շրջանը եւս մէկ առիթ դարձաւ վերահաստատելու քրիստոնէայ համայնքներու միջեւ գոյութիւն ունեցող եղբայրական կապերն ու միասնական վկայութիւնը:

Ութօրեայ աղօթքներէ կազմուած Քրիստոնէական միութեան աղօթքի շաբթուան փակման արարողութիւնը կատարուեցաւ, Կիրակի, 25 Յունուար 2026-ի երեկոյեան, Պաապտա (Լիբանան) շրջանին մէջ գտնուող գաղթէացիներու Սուրբ Ռաֆայէլ հրեշտակապետ մայր տաճարին մէջ:

Արարողութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, Ն.Ա.Տ. Պշարա Պութրոս Ռայի, Ն.Ա.Տ. Իգնատիոս Եուսէֆ Եունան պատրիարքները, ինչպէս նաեւ Միջին Արեւելքի Քրիստոնեայ համայնքներու ներկայացուցիչները:

Նորին Սրբութեան կողքին արարողութեան մասնակցեցան Լիբանանի hայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Սարգիսեան եւ Կաթողիկոսարանի քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութեան բաժանմունքի պատասխանատու Հոգշ. Տ. Սարգիս Վրդ. Աբրահամեան:

Յայտնենք, որ յիշեալ շաբթուան բացման արարողութիւնը կատարուած էր, Կիրակի, 18 Յունուար 2026-ի երեկոյեան, Անթիլիասի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, հիւրընկալութեամբ եւ նախագահութեամբ Վեհափառ Հայրապետին:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/01/2026, 12:34