Արամ Ա. Կաթողիկոսի մասնակցութեամբ փակումը կատարուեցաւ Քրիստոնէական միութեան աղօթքի շաբթուան
Ութօրեայ աղօթքներէ կազմուած Քրիստոնէական միութեան աղօթքի շաբթուան փակման արարողութիւնը կատարուեցաւ, Կիրակի, 25 Յունուար 2026-ի երեկոյեան, Պաապտա (Լիբանան) շրջանին մէջ գտնուող գաղթէացիներու Սուրբ Ռաֆայէլ հրեշտակապետ մայր տաճարին մէջ:
Արարողութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, Ն.Ա.Տ. Պշարա Պութրոս Ռայի, Ն.Ա.Տ. Իգնատիոս Եուսէֆ Եունան պատրիարքները, ինչպէս նաեւ Միջին Արեւելքի Քրիստոնեայ համայնքներու ներկայացուցիչները:
Նորին Սրբութեան կողքին արարողութեան մասնակցեցան Լիբանանի hայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Սարգիսեան եւ Կաթողիկոսարանի քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութեան բաժանմունքի պատասխանատու Հոգշ. Տ. Սարգիս Վրդ. Աբրահամեան:
Յայտնենք, որ յիշեալ շաբթուան բացման արարողութիւնը կատարուած էր, Կիրակի, 18 Յունուար 2026-ի երեկոյեան, Անթիլիասի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, հիւրընկալութեամբ եւ նախագահութեամբ Վեհափառ Հայրապետին:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ