Փարոլին. «Երկխօսութիւնը այսօր փոխարինուած է ուժի քաղաքականութեամբ. պէտք է պաշտպանել գաղափարախօսութիւններու կողմէ վտանգուած իրաւունքները»
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Սուրբ Աթոռի Պետական քարտուղար կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին, Կուաթեմալա իր այցելութեան ընթացքին, որ կը կատարուի Սուրբ Աթոռի եւ այդ երկիրին միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու 90-ամեակին առիթով, միջազգային հանրութեան ուղղեց կոչ մը՝ վերադառնալու «երկխօսութեան դիւանագիտութեան» եւ հրաժարելու «ուժի դիւանագիտութենէն»։
Աշխարհի մէջ ուժի լեզուն կը փոխարինէ երկխօսութեան ուղին
Կուաթեմալայի մէջ դիւանագիտական մարմինին առջեւ ունեցած ելոյթին ընթացքին կարդինալը ընդգծեց, որ այսօր աշխարհի մէջ երկխօսութիւնը, փոխըմբռնումը եւ համագործակցութիւնը յաճախ տեղի կու տան ուժի գործադրման, ճնշումներու եւ գաղափարախօսական մօտեցումներու։
Փարոլին յայտնեց իր մտահոգութիւնը, որ մարդու հիմնարար իրաւունքները, ինչպիսիք են՝ խօսքի ազատութիւնը, խղճի ազատութիւնը, կրօնական ազատութիւնը եւ կեանքի իրաւունքը, «կը կորսնցնեն իրենց կենսունակութիւնը»՝ այլ ենթադրեալ նոր իրաւունքներու անունով սահմանափակումներու ենթարկուելով։
Սուրբ Աթոռի դիւանագիտութիւնը՝ մարդը եւ ընդհանուր բարիքը կեդրոն ունենալով
Կարդինալը ներկայացուց Սուրբ Աթոռի դիւանագիտական առաքելութեան առանձնայատկութիւնը՝ նշելով, որ անիկա չի հետապնդեր տնտեսական կամ ռազմավարական շահեր, այլ իր գործունէութեան կեդրոնը կը դնէ մարդը, անոր արժանապատուութիւնը եւ ժողովուրդներու միջեւ հանդիպումը։
Ան շեշտեց, որ Եկեղեցւոյ ընկերային ուսուցումը կ՝առաջարկէ ժամանակակից մարտահրաւէրներուն դիմագրաւելու չափանիշներ՝ մարդկային արժանապատուութիւն, ընդհանուր բարիք, աղքատներու նկատմամբ հոգածութիւն, ստեղծագործութեան պահպանում եւ խաղաղութեան որոնում։
Կուաթեմալա՝ երկխօսութեան եւ համագործակցութեան գործընկեր
Անդրադառնալով Կուաթեմալային՝ կարդինալ Փարոլին երկիրը բնութագրեց որպէս «քրիստոնէական խոր արմատներ ունեցող երկիր», որ ունի մարդկային եւ հոգեւոր հարուստ ժառանգութիւն՝ յատկապէս բնիկ ժողովուրդներու մշակոյթներուն շնորհիւ։
Ան գնահատեց Սուրբ Աթոռի եւ Կուաթեմալայի միջեւ իննսուն տարիներու համագործակցութիւնը՝ ընդգծելով Եկեղեցւոյ ներդրումը կրթութեան, առողջապահութեան, կրօնական ազատութեան պաշտպանութեան եւ մարդկային արժանապատուութեան խթանման ոլորտներուն մէջ։
Շնորհակալութիւն իշխանութիւններուն եւ տեղական եկեղեցւոյ
Ելոյթի աւարտին կարդինալ Փարոլին շնորհակալութիւն յայտնեց Կուաթեմալայի իշխանութիւններուն, դիւանագիտական ներկայացուցիչներուն եւ տեղական Եկեղեցւոյ՝ երկկողմ յարաբերութիւններու ամրապնդման եւ արդար, խաղաղ ու համերաշխ հասարակութեան կառուցման համար իրենց ներդրումին համար։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.