2025.10.04 Giuramento della Guardia Svizzera Pontificia

Պաշտպանել ու պահպանել գահակալ Պապը եւ Անոր բոլոր օրինաւոր յաջորդները՝ նոյնիսկ սեփական կեանքի գնով

Ինչպէս ամէն տարի այս տարի եւս 6 Մայիսին Վատիկանի մէջ տեղի պիտի ունենայ աշխարհի ամենահին բանակ հանդիսացող Քահանայապետական Զուիցերիական Պահակախումբի նոր պահակներուն հանդիսաւոր երդման արարողութիւնը՝ Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապին ներկայութեամբ
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի՝ 6 մայիսին ժամը 17:00-ին , Վատիկանի մէջ տեղի պիտի ունենայ աշխարհի ամենահին բանակ հանդիսացող Քահանայապետական Զուիցերիական Պահակախումբի 28 նոր պահակներուն հանդիսաւոր երդման արարողութիւնը։

Պատահական չէ օրուայ ընտրութիւնը․ 6 Մայիս 1527-ին, Հռոմի պատերազմի ընթացքին, Կղէմէս Է․ Պապը պաշտպանած 189 Զուիցերացի պահակներէն 147 զոհուեցան, մինչդեռ 42-ը յաջողեցան զայն փոխադրել Քասթել Սանթ’Անճելօ (Castel Sant’Angelo)։

Երդումը տեղի պիտի ունենայ Պապական Զուիցերիական Պահակախումբի դրօշին վրայ եւ Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապին ներկայութեամբ: Պահակները կ’երդնուն պաշտպանել ու պահպանել գահակալ Պապը եւ Անոր բոլոր օրինաւոր յաջորդները, նոյնիսկ սեփական կեանքի գնով, ինչպէս անցեալին ըրած են իրենց քաջարի ու հաւատարիմ նախնիները:

Այս տարի՝ եղանակային պայմաններու պատճառաւ արարողութիւնը պիտի կայանայ ոչ թէ ինչպէս աւանդաբար Վատիկանի Սան Տամազօ բակին մէջ, այլ՝ Սուրբ Պօղոս Զ․ դահլիճէն ներս։

Երդումի բանաձեւը, զոր կը կարդայ մատրանապետը

«Կ’երդնում հաւատարմօրէն, անկեղծօրէն եւ պատուով ծառայել գահակալ Քահանայապետին եւ Անոր օրինաւոր յաջորդներուն, նուիրուիլ անոնց իմ բոլոր ուժերով՝ անհրաժեշտութեան պարագային նոյնիսկ կեանքս զոհելով անոնց պաշտպանութեան համար։

Նոյն պարտականութիւնները կը ստանձնեմ Կարդինալներու Դասին հանդէպ՝ Առաքելական Աթոռի թափուր մնացած միջոցին։ Կը խոստանամ նաեւ յարգանք, հաւատարմութիւն եւ հնազանդութիւն Հրամանատարին եւ միւս Վերակացուներուն։ Այսպէս կ’երդնում, թող Աստուած եւ մեր Սուրբ Պաշտպանները օգնեն ինծի»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/05/2026, 11:11