Որոնել

2020.10.04 Giuramento Guardia Svizzera Pontificia

Մայիս 6-ին Պապական Զուիցերիական Պահակախումբի 28 նոր անդամներու երդման արարողութիւնը

Հանդիսաւոր արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ այն օրը, երբ կ՛ ոգեկոչուի 1527 թուականի Հռոմի կողոպուտը: Այդ օրը 147 զուիցերացի պահակներ իրենց կեանքը զոհեցին՝ պաշտպանելով Կղէմէս Է. Պապը, մինչդեռ 42-ը յաջողեցան զայն փոխադրել Քասթել Սանթ’Անճելօ (Castel Sant’Angelo)։ Արարողութիւնը պիտի կատարուի Լեւոն ԺԴ. Պապին ներկայութեամբ, ժամը 17:00-ին, Վատիկանի Առաքելական Պալատի Սուրբ Տամազօ բակին մէջ:
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Յառաջիկայ Մայիս 6-ին, Պապական Զուիցերիական Պահակախումբի նորակոչ պահակները պիտի երդնուն «հաւատարմօրէն, անկեղծօրէն եւ պատուով ծառայել» Պապին։ 1527-ի Հռոմի կողոպուտի տարելիցին, երբ 189 զուիցերիացի պահակներ պաշտպանեցին Կղեմէս Է. Պապը Քարոլոս Ե.-ի բանակին դէմ, 28 նոր պահակներ պիտի կատարեն իրենց հանդիսաւոր երդումը։

Արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ Վատիկանի Առաքելական Պալատի Սուրբ Տամազօ բակին մէջ. անբարենպաստ օդի պարագային՝ Պօղոս Զ. սրահին մէջ։

Իւրաքանչիւր պահակ, Պահակախումբի դրօշին վրայ եւ Լեւոն ԺԴ. Պապի ներկայութեամբ, կ’երդնու պաշտպանել գահակալ Պապը եւ անոր բոլոր օրինաւոր յաջորդները՝ նոյնիսկ սեփական կեանքի գնով։

Միջոցառումը ունի տօնական բնոյթ. պահակները պիտի կրեն «Gran Gala» համազգեստը՝ զրահով հանդերձ, որ կը գործածուի միայն Զատիկի եւ Սուրբ Ծննդեան «Urbi et Orbi» օրհնութեանց ժամանակ։

Յայտագիրը

Մայիս 5, ժամը 17:00: Ժամերգութիւն «Campo Santo Teutonico»-ի Սուրբ Մարիամ Աստուածածնի եկեղեցւոյ մէջ։ Այնուհետեւ՝ պսակի զետեղում ի պատիւ 1527-ի զոհուածներուն եւ պարգեւատրումներու շնորհում։

Մայիս 6, ժամը 07:30: Պետական քարտուղար Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին Սուրբ Պետրոսի տաճարին մէջ պիտի մատուցէ Սուրբ Պատարագ։

Արարողութեան կարելի պիտի ըլլայ հետեւիլ Պահակախումբի պաշտօնական կայքէջին միջոցաւ՝ www.guardiasvizzera.ch։

Զուիցերիական պատուիրակութիւնները

Ներկայ պիտի գտնուի Զուիցերիոյ Համադաշնութեան պատուիրակութիւնը՝ գլխաւորութեամբ նախագահ Կի Փարմելենի, Ազգային խորհուրդի նախագահ Փիեռ-Անտրէ Փաժի եւ Քանթոններու խորհուրդի նախագահ Սթեֆան Էնկլերի։

Զուիցերիական բանակը պիտի ներկայացնէ հրամանատար Պենետիքթ Ռոսը, իսկ Եպիսկոպոսաց համաժողովը՝ գերապայծառ Շարլ Մորերոն։ Այս տարուան հիւր Քանթոնի՝ Թուրկաուի (Thurgau) պատուիրակութիւնը պիտի գլխաւորէ Տոմինիք Տիեցին։

Աշխարհի հնագոյն բանակը

Պապական Զուիցերիական Պահակախումբը աշխարհի հնագոյն բանակն է։ Հիմնադրուած է 1506 թուականի Յունուար 22-ին Յուլիոս Բ. Պապին կողմէ։

Գնդապետ Քրիստոֆ Կրաֆի գլխաւորութեամբ, անիկա պատասխանատու է Պապի եւ անոր բնակարանի անվտանգութեան, Վատիկանի մուտքերու հսկողութեան եւ արարողակարգային պարտականութիւններուն։

Պահակախումբի անդամները կը սերին Զուիցերիոյ բոլոր լեզուական շրջաններէն (մեծամասնութիւնը՝ Վալէ, Թիչինօ եւ Լուցեռն Քանթոններէն)։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/04/2026, 09:08