2026.01.26 associazione pro Palestina Taawon.  Il credit è di TAAWON.ORG

«Զայըտ» մրցանակ. Պաղեստինեան «Taawon» կազմակերպութիւնը՝ երրորդ մրցանակակիր

Մարդկային եղբայրութեան համար «Զայըտ» մրցանակը, որ հասած է իր եօթներորդ թողարկումին, կը շնորհուի նաեւ պաղեստինեան ոչ շահութաբեր «Թաաոն» կազմակերպութեան՝ տարածաշրջանին մէջ տասնամեակներ շարունակ իրականացուցած մարդասիրական եւ զարգացման աշխատանքին համար։ Առաջին մրցանակը շնորհուած է Հայաստան–Ատրպէյճան խաղաղութեան համաձայնագրին, իսկ երկրորդը՝ Աֆղանիստանի աղջիկներու կրթութեան պաշտպան Զարքա Եաֆթալիին։
Ունկնդրէ լուրը

Վատիկան Նիուզ – Հայկական Բաժանմունք

Պաղեստինեան «Թաաոն» ոչ շահութաբեր կազմակերպութիւնը ընտրուած է որպէս «Մարդկային եղբայրութեան համար Զայըտ» մրցանակի 2026-ի երրորդ մրցանակակիր։ Յանձնաժողովը այս կերպով կը գնահատէ կազմակերպութեան բացառիկ մարդասիրական եւ զարգացման աշխատանքը Արեւմտեան Ափի, Կազայի եւ Լիբանանի փախստական ճամբարներու մէջ, ուր ան տարեկան կը սպասարկէ աւելի քան մէկ միլիոն մարդու։

1983-ին հիմնուած «Թաաոն»ը տարիներու ընթացքին իրականացուցած է հազարաւոր ծրագիրներ՝ կրթութեան, երիտասարդներու հզօրացման, առողջապահութեան, մշակութային ժառանգութեան պահպանման եւ արտակարգ մարդասիրական օգնութեան ոլորտներուն մէջ։

Յայտնենք` որ «Զայըտ» մրցանակի նոյն թողարկումին առաջին մրցանակը շնորհուած է Հայաստան–Ատրպէյճան պատմական խաղաղութեան համաձայնագրին, իսկ երկրորդը՝ աֆղան աղջիկներու կրթութեան համար պայքարող Զարքա Եաֆթալիին։ Մրցանակաբաշխութիւնը տեղի պիտի ունենայ 2026 թուականի Փետրուար 4-ին՝ Ապու Տապիի մէջ։

«Թաաոն» կազմակերպութեան վարչական խորհուրդի նախագահ դոկտ. Նապիլ Հ. Քատտումի իր երախտագիտութիւնը յայտնած է մրցանակի յանձնաժողովին, որ կազմուած է մարդկային երկխօսութեան եւ մարդկային համակեցութեան խթանման մէջ փորձառու միջազգային մասնագէտներէ։

Յայտնենք որ 2019 թուականէն ի վեր «Զայըտ» մրցանակը շնորհուած է քսան երկիներէ այլ քսան միջազգային հաստատութիւններու եւ անձնաւորութիւններու, որոնք բացառիկ ներդրում ունեցած են ամբողջ աշխարհի մէջ մարդկային եղբայրութեան արժէքներու տարածման եւ առաջմղման գործին մէջ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/01/2026, 11:49