Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի Խաղաղութեան հռչակագիրը արժանացաւ 2026-ի Մարդկային Եղբայրութեան Զայըտ մրցանակին
Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան
Երկուշաբթի` 19 Յունուար 2026-ին Մարդկային Եղբայրութեան Զայըտ մրցանակը յայտարարեց 2026-ի դափնեկիրները. Պատմական խաղաղութեան համաձայնագիրը Հայաստանի Հանրապետութեան և Ազրպէյճանի Հանրապետութեան միջեւ, ինչպէս նաև աֆղան աղջիկներու կրթութեան ջատագով Զարքա Եաֆթալի, որոնք համապատասխանաբար Կովկասէն և Աֆղանիստանէն առաջին յաղթողներն են։
Մրցանակի շնորհման պատճառները
Այս առիթով հրատարակուած մրցանակի տուչութեան պատճառները բացատրող հաղորդագրութեան մէջ կը կարդանք.
«Պատմական որոշում մը, որ առաջնորդուած է Հեռատես ղեկավարութենէ մը, որ նպատակ ունի վերջ դնել Կովկասի մէջ տասնամեակներ տևած հակամարտութեան և մարդասիրական տառապանքներուն։ Հայաստանի Հանրապետութեան և Ազրպէյճանի Հանրապետութեան միջև խաղաղութեան և միջպետական յարաբերութիւններու հաստատման համաձայնագիրը ճանչցուեցաւ որպէս երկու պետութիւններու կողմէ ձեռնարկուած խաղաղութեան, երկխօսութեան, կարգաւորման և հակամարտութիւններու լուծման գործընթաց՝ որ կ՛ընդգծէ, թէ հաշտեցումը միանուագ գործողութիւն չէ, այլ շարունակական ուղեւորութիւն»։
Իսկ ինչ կը հայի Զարքա Եաֆթալիին
«Խիզախ կին մը, որ իր ամբողջ կեանքը նուիրեց կիներու եւ երեխաներու կրթութեան իրաւունքի պաշտպանութեան, Զարքա Եաֆթալին այս գնահատանքը կը ստանայ՝ Աֆղանիստանի մէջ եւ անկէ անդին աւելի քան 100.000 մարդոց կրթական միջոցներ, հոգեբանական-սոցիալական աջակցութիւն եւ համայնքային ծառայութիւններ տրամադրելու համար, յոյս եւ գիտելիք ընծայելով սահմանափակ պայմաններու մէջ ապրող աղջիկներուն»։
Մրցանակաբաշխութիւնը 4 Փետրուար 2026-ին Ապու Տապիի մէջ
2026-ի մրցանակի յաղթողները պիտի պարգեւատրուին 4 Փետրուար 2026-ին՝ ՄԱԿ-ի կողմէ ճանչցուած Մարդկային Եղբայրութեան Միջազգային Օրուան առիթով, տարեկան մրցանակաբաշխութեան արարողութեան ընթացքին, որ պիտի կայանայ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու Ապու Տապիի Founder’s Memorial-ի մէջ, տեղական ժամով երեկոյեան 19:00-ին։
Զայըտի Մարդկային Եղբայրութեան Մրցանակը ներշնչուած է 2019-ին Ապու Տապիի մէջ հանգուցեալ Քահանայապետ Ֆրանչիսկոսի եւ Ալ-Ազհարի Աւագ Իմամ Ահմէտ Ալ-Թայըպի միջեւ Մարդկային Եղբայրութեան Փաստաթուղթին ստորագրութենէն, ինչպէս նաեւ հանգուցեալ Շէյխ Զայըտ պին Սուլթան Ալ Նահեանի՝ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու հիմնադիրին, մարդասիրական ժառանգութենէն։
Մրցանակը կը գնահատէ անհատներ եւ կազմակերպութիւններ, որոնք ականաւոր դարձան իրենց բացառիկ ներդրումով՝ աւելի խաղաղ, ներդաշնակ եւ գթասիրտ աշխարհ մը կերտելու գործին մէջ՝ հիմնուած մարդկային եղբայրութեան արժէքներուն վրայ։
Վարչապետ Փաշինեանի յայտարարութիւնը
Մրցանակի լուրը առնելով Վարչապետ Փաշինեանը «մեծ պատիւ» համարած է այդ մէկը, որպէս ճանաչում Կովկասի տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան հաստատման ի նպաստ կատարուած մեծ ջանքերուն համար, մատնանշելով նաեւ թէ «այս ճանաչումը շօշափելի ազդեցութիւն պիտի ունենայ թէ՛ Հայաստանէն ներս եւ թէ՛ անկէ դուրս, եւ պիտի նպաստէ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ վստահութեան ամրապնդման» աւելցնելով որ ան «պիտի աջակցի խաղաղութեան ուղղուած ճանապարհին»։
Նախագահ Ալիեւին խօսքերը
Իր կարգին Ազրպէյճանի Հանրապետութեան Նախագահը, իր գնահատանքը յայտնած է Զայըտ Մրցանակին կողմէ խաղաղութեան համաձայնութեան ճանաչման համար եւ իր երախտագիտութիւնը փոխանցած է մրցանակի Դատական Յանձնախումբին՝ հարաւային Կովկասի տարածաշրջանին մէջ եւ աշխարհին մէջ խաղաղութիւն հաստատելու ուղղուած ջանքերը պատուելու համար։
Նախագահ Ալիեւ նշեց նաեւ, որ «այս ճանաչումը յատկապէս կարևոր է, քանի որ մրցանակը կը կրէ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու հիմնադիր, հանգուցեալ շէյխ Զայըտ պին Սուլթան ալ Նահեանի անունը և կը վայելէ նաև Կաթողիկէ եկեղեցւոյ ղեկավար, Նորին Սրբութիւն Լևոն ԺԴ-ի և Ալ-Ազհարի Աւագ Իմամ, Ահմատ ալ-Թայըպի աջակցութիւնը», ինչը այս համաշխարհային մրցանակի միջոցաւ այս ճանաչումը կը դարձնէ «կրկնակի պատիւ»։
Զարքա Եաֆթալիին յուզմունքը
Իր հերթին, Զարքա Եաֆթալին յայտարարեց, թէ ինք «խորապէս յուզուած եւ զգացումներու մէջ մխրճուած է», իր անկեղծ երախտագիտութիւնը յայտնելով Զայըտի Մարդկային Եղբայրութեան Մրցանակի Դատական Յանձնախումբին։
Տիկին Եաֆթալին նշեց, որ 2026 թուականի մրցանակի դափնեկիր ընտրուիլը կը ներկայացնէ «զօրեղ եւ իմաստալից պատգամ մը» Աֆղանիստանի կիներուն համար, քանի որ ան «յոյս եւ քաջութիւն կը ներշնչէ բազմաթիւ աֆղան կիներու, յատկապէս առցանց դպրոցներու աշակերտուհիներուն եւ խաղաղութեան, անվտանգութեան ու առաջնորդութեան դասընթացքներու գրանցուած երիտասարդ աղջիկներուն»։
2019 թուականէն ի վեր մրցանակը շնորհուած է 19 երկիրներէ եկած 19 դափնեկիրներու՝ որոնց առաջինները եղան Նորին Սրբութիւն Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը եւ Ալ-Ազհարի Աւագ Իմամ Ահմատ Ալ-Թայէպը որպէս պատուաւոր դափնեկիրներ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ