Սանթա Մարիա Մաճճորէ տաճարին Յոյսի Սուրբ Տարուան Սուրբ Դռան փակումը
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Հինգշաբթի` 25 դեկտեմբեր 2025-ի երեկոյեան, Հռոմի Տիրամօր նուիրուած Սանթա Մարիա Մաճճորէ Պազիլիքային մէջ, տեղի ունեցաւ յատուկ արարողութիւն մը որուն առիթով փակումը կատարուեցաւ` Յոյսին նուիրուած Սուրբ Տարուան առիթով անցեալ մէկ Յունուարին բացուած Քահանայապետական այս տաճարին Սուրբ Դռան նախագահութեամբ Քահանայապետական պազիլիքայի աւագերէց Կարդինալ Ռոլատսա Մաքրիքասին։
Պատահական չէ` որ Մարիա Մաճճորէ տաճարին Սուրբ Դուռը փակուեցաւ ճիշտ Սուրբ Ծննդեան օրը, որովհետեւ անիկայ համարուած է Սուրբ Ծննդեան պազիլիքան, տրուած ըլլալով` որ այնտեղ պահպանուած է նորածին Մանուկ Յիսուսին օրօրոցը։
Մարիա Մաճճորէ տաճարին համար այս առիթը կրկնակի իմաստ կը ստանայ նկատի առնելով` որ Ֆրանչիսկոս Պապը, որ բացումը կատարած է Յոյսին նուիրուած Սուրբ տարուան, այս տաճարը ընտրեց որպէս իր երկրային ուղեւորութեան վերջին հանգստեան վայր ուր բազմաթիւ հաւատացեալներ եւ ուխտաւորներ կը փութան իրենց յարգանքի տուրքը մատուցելու իրենց սրտին խօսող Քահանայապետին։
Սուրբ Դռան փակման արարողութեան առիթով մատուցած պատարագի ընթացքին իր արտասանած քարոզին մէջ, Կարդինալ Մաքրիքասը ընդգծեց` թէ Սուրբ դռան փակումը չի նշանակեր աստուածային շնորհքին աւարտը, այլ Եկեղեցւոյ յատուկ ժամանակի մը վերջը։
Ան ապա հրաւիրեց հաւատացեալները իրենց սրտերուն մէջ վառ պահելու յոյսն ու ողորմութիւնը եւ իրենց կարգին դառնալու միւսներուն համար բաց դռներ։
Ծիրանաւորը յիշեց Աստուծոյ Խօսքը ունկնդրելու կարեւորութիւնը ու հաւատարմութեամբ վկայելու զայն։ Ան ապա քարոզը աւարտեց Սուրբ Կոյս Մարիամին վստահելով երբեք չմարող յոյսի և ողորմութեան լոյսի խնամակալութիւնը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ