Մարիա Մաճճորէ տաճարի Սուրբ Դռան փակումը 25 դեկտեմբերին
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Յոյսին նուիրուած Սուրբ Տարին կ՛ընթանայ դէպի աւարտը եւ յառաջիկայ 25 դեկտեմբեր 2025-ին տեղի պիտի ունենայ Սուրբ տարուան առիթով բացուած Հռոմի չորս Քահանայապետական պազիլիքաներու Սուրբ Դռներուն փակման առաջին արարողութիւնը` եւ այդ պիտի ըլլայ Հռոմի Տիրամօր նուիրուած Սանթա Մարիա Մաճճորէ Պազիլիքային մէջ, 25 դեկտեմբերի երեկոյաեն։
Սուրբ Դռան պաշտօնական բացումը տեղի ունեցած էր մէկ Յունուար 2025-ին եւ այդ օրէն անոր տակէն անցած են աւելի քան քսան միլիոն հաւատացեալներ որոնք Սալուս Փոփուլի Ռոմանի Տիրամօր մայրական հայեացքին տակ ապրեցան իրենց Յոյսին Յոբելեանը։
Ընտրուած թուականը` 25 դեկտեմբերը, պատահական չէ։ Մարիա Մաճճորէ տաճարը արդարեւ Սուրբ Ծննդեան պազիլիքան է տրուած ըլլալով որ այնտեղ պահպանուած է նորածին Մանուկ Յիսուսին օրօրոցը որ է նաեւ 2025 թուականի Սուրբ տարուան թեման հանդիսացող այդ յոյսի առանձնաշնորհեալ վկան՝ որ բոլորին կը յիշեցնէ թէ հաւատքի հիմքը Աստուծոյ՝ մարդ արարած ըլլալու բարի լուրի հռչակումն է՝ մարդկութեան հանդէպ սիրոյն և անոր փրկութեան համար։
Սուրբ Դռան փակման արարողութիւնը պիտի գլխաւորէ Քահանայապետական տաճարի Աւագերէցը` Կարդինալ Ռոլանտաս Մաքրիքասը։
2025-ի Յոբելենական Սուրբ Տարին համայն Եկեղեցւոյ համար նախախնամական իրադարձութիւն մըն էր՝ հրաւիրելով բոլոր հաւատացեալները սրտի նորոգուած դարձի՝ երբեք չհիասթափեցնող յոյսի առաքինութեան ոգիով։ Յոբելեան, որ հռչակած էր Ֆրանչիսկոս Պապին Spes non confundit կոնդակով եւ որուն բացումը կատարած էր նոյնինքն հանգուցեալ Քահանայապետը եւ որ պիտի փակէ անոր յաջորդը` Լեւոն ԺԴ.։
Երկու տարբեր Քահանայապետութիւններու ընթացքին կատարուած Սուրբ տարուայ մը բացման և փակման ծէսի արտասովոր իրադարձութիւնը եզակի նախադէպ մը ունի 1700 թուականի Յոբելեանի ընթացքին, որուն բացումը կատարած էր Իննոչենցօ ԺԲ Քահանայապետը ու փակումը Կղէմէս ԺԱ.։
Մարիա Մաճճորէ տաճարին համար այս առիթը կրկնաի իմաստ ունի նկատի առնելով որ Ֆրանչիսկոս Պապը զայն ընտրեց որպէս իր երկրային թաղման վայր։
Յոբելենականն ուխտագնացութիւնը, որ բարեպաշտօրէն կատարուեցաւ միլիոնաւոր մարդոց կողմէն, դարձաւ նաև Ֆրանչիսկոս Պապի Յիշատակին յուզիչ և տևական յարգանքի տուրք, որ կը շարունակուի մինչեւ օրս, ցոյց տալով Աստուծոյ Ժողովուրդին անոր հետ ունեցած յատուկ կապը։ Անոնց շարքին են նաեւ աշխարհի տարբեր Երկիներէն ժամանած պաշտօնական պատուիրակութիւնները որոնք յանուն իրենց ժողովուրդներուն ուզեցին յարգանքի տուրք մատուցանել հանգուցեալ Քահանայապետին։
Նշենք` թէ Լատերանի Սուրբ Յովհաննէս տաճարի Սուրբ Դռան փակումը նախատեսուած է Շաբաթ 27 դեկտեմբերի առաւօտեան ժամը 11-ին նախագահութեամբ Հռոմի Թեմի Տեղապահ Արքեպիսկոպոս Կարդինալ Պալտօ Ռէյնայի իսկ Պարիսպներէն դուրս Սուրբ Պօղոս պազիլիքային Սուրբ Դռան փակումը պիտի կատարուի Կիրակի 28 դեկտեմբերի առաւօտեան ժամը 10-ին։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ