Լեւոն ԺԴ. Սան Մարինոյի եկեղեցական համայնքին. «Միութեան վկայութիւն տանք»
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Շաբաթ, օգոստոս 22-ին, Լեւոն ԺԴ. Պապը Սան Մարինոյի Պազիլիքին մէջ հանդիպում ունեցաւ Սան Մարինօ-Մոնթէֆելթրօ թեմի քահանաներուն, նուիրեալներուն, նուիրեալուհիներուն եւ եկեղեցական կեանքի ներկայացուցիչներուն հետ։ Սուրբ Հաղորդութեան երկրպագութեան եւ Սուրբ Մարինոսի մասունքներու մեծարանքի արարողութեան աւարտին Իր արտասանած պատգամին մէջ Ան Սան Մարինոյի համայնքը հրաւիրեց վերանորոգելու իր հաւատքի ուղին՝ հիմնուելով Քրիստոսի Աւետարանին, եղբայրութեան, ազատութեան եւ հաղորդութեան վրայ։
Քահանայապետը յիշեցուց, որ Սան Մարինօ-Մոնթէֆելթրօ թեմը հարուստ հաւատքի եւ քաջութեան ժառանգ մը ունի, որ կը կապուի Սուրբ Մարինոյի եւ Սուրբ Լեւոնի անուններուն հետ։ Տասնութ դարեր առաջ անոնք քրիստոնէական պատգամը բերած էին այս տարածքին՝ նպաստելով այնպիսի մշակոյթի եւ քաղաքակրթութեան ձեւաւորման, որուն հիմքին կը գտնուէին մարդուն արժանապատուութիւնը, ազատութիւնը, փոխադարձ յարգանքը եւ համայնքային հաղորդութիւնը։
Երիտասարդներուն՝ բաց պահել «պատուհանը դէպի անսահմանը»
Լեւոն ԺԴ. իր խօսքին մէջ յատուկ ուշադրութիւն դարձուց երիտասարդներուն՝ յիշեցնելով Պենետիկտոս ԺԶ.-ի՝ Սան Մարինօ կատարած նախորդ այցելութեան պատգամը։ Ան կոչ ըրաւ երիտասարդներուն չբաւարարուելու հեշտ եւ ժամանակաւոր երջանկութիւններով, այլ իրենց սրտերը բաց պահելու դէպի մեծ փափաքները՝ գեղեցկութիւնը, բարութիւնը եւ լիարժէք կեանքը։
Քահանայապետը խրախուսեց երիտասարդները քաջութեամբ որոնելու Աստուծոյ կողմէ իրենց տրուած իւրայատուկ կոչումը եւ չվախնալու պահանջկոտ որոշումներէ։ Ան նշեց ամուսնութիւնը, նուիրական կեանքը, քահանայական ծառայութիւնը, մասնագիտական գործունէութիւնը եւ հասարակական ու քաղաքական պատասխանատուութիւնը՝ կոչ ընելով երիտասարդներուն իրենց շնորհները ներդնելու բարութեան, արդարութեան եւ խաղաղութեան ծառայութեան մէջ։
Ընտանիքը՝ հաւատքի առաջին դպրոցը
Քահանայապետը շնորհակալութիւն յայտնեց քահանաներուն, կրօնուսուցիչներուն եւ բոլոր դաստիարակներուն, որոնք իրենց ծառայութեամբ կը նպաստեն երեխաներու եւ երիտասարդներու մարդկային ու քրիստոնէական կազմաւորման։ Ան ընդգծեց, որ ընտանիքը հաւատքի առաջին եւ բնական միջավայրն է, ուր երեխաները մանկութենէն կը սորվին եւ կ'ապրին Աւետարանի արժէքները։ Այս կապակցութեամբ Քահանայապետը անհրաժեշտ նկատեց ընտանիքներու եւ եկեղեցական համայնքներու միջեւ ամուր համագործակցութիւն ստեղծել, որպէսզի ծնողները եւս վերանորոգեն իրենց հաւատքը եւ զայն ուրախութեամբ փոխանցեն իրենց զաւակներուն։
Պատարագը՝ քրիստոնէական կեանքի կեդրոնը
Լեւոն ԺԴ. շեշտեց նաեւ Պատարագի եւ Սուրբ խորհուրդներու կեդրոնական տեղը քրիստոնէական կեանքին մէջ։ Ան կոչ ըրաւ հաւատացեալներուն Պատարագը ապրելու իբրեւ մէկ կենդանի մարմին՝ ուժ ստանալով Տիրոջ Սեղանէն եւ այդ լոյսը տանելով աշխարհի ճամբաներուն վրայ։
Քահանայապետը ընդգծեց, որ Աւետարանը ազատութեան ճանապարհ է եւ Քրիստոսի մէջ մարդկութիւնը կը գտնէ իր խորագոյն հարցերուն, ցաւերուն եւ փափաքներուն իմաստն ու պատասխանը։
Բռնութեան եւ վախի դիմաց՝ Աւետարանի ճանապարհը
Անդրադառնալով աշխարհի ներկայ իրավիճակին՝ Քահանայապետը մտահոգութեամբ խօսեցաւ հակամարտութիւններու, բռնութիւններու, փակուածութեան եւ ուրիշէն վախնալու աճող մթնոլորտին մասին։ Ան ընդգծեց, որ քրիստոնէական համայնքներու պատասխանը պէտք է ըլլայ աւելի վճռական կերպով Աւետարանի ճանապարհով քալելը՝ պաշտպանելով ազատութիւնը, ներողամտութիւնը, համերաշխութիւնը եւ տկարներու նկատմամբ հոգատարութիւնը։
Փոքր համայնքները՝ եղբայրութեան «բոցեր»
Քահանայապետը յատուկ գնահատեց Սան Մարինոյի ներքին շրջաններու փոքր համայնքներու փորձառութիւնները, որոնք բնակչութեան նօսրացման եւ ծառայութիւններու պակասի դիմաց կը պահպանեն փոխադարձ օգնութեան եւ ընտանեկան հաղորդութեան ոգին։
Լեւոն ԺԴ. զանոնք ներկայացուց իբրեւ փոքրիկ «բոցեր», որոնք կրնան վերավառել եղբայրութեան եւ խաղաղութեան կրակը եւ հակազդել անհատապաշտութեան, սպառողական մշակոյթի եւ բաժանարար մտածելակերպի տարածման։
«Հաղորդութիւն»
Քահանայապետը Իր պատգամը աւարտեց շեշտը դնելով «հաղորդութիւն» բառին վրայ։ Ան կոչ ուղղեց թեմի համայնքներուն՝ միութեան վկայութիւն տալու ծխականներու միջեւ, հովիւներու եւ հաւատացեալներու, ինչպէս նաեւ տարբեր շնորհներու եւ ծառայութիւններու միջեւ։
Լեւոն ԺԴ. շեշտեց, որ այս միութիւնը մաս կը կազմէ Սուրբ Մարինոյի եւ Սուրբ Լեւոնի թողած աւետարանական ժառանգութեան եւ բոլորին կը պատկանի այդ գործը շարունակելու պատասխանատուութիւնը։
Վերջաւորութեան Քահանայապետը շնորհակալութիւն յայտնեց Սան Մարինոյի եկեղեցական համայնքին իր ջերմ ընդունելութեան համար՝ վստահեցնելով, որ զիրենք պիտի կրէ իր աղօթքներուն մէջ եւ խնդրելով, որ իրենք եւս շարունակեն աղօթել Քահանայապետին համար։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.
