Որոնել

2026.08.22 Visita Pastorale nella Repubblica di San Marino - Basilica di San Marino

«Առատաձեռն եղէ՛ք, միշտ բաց եղէ՛ք ուրիշներուն ծառայելու, ջանացէ՛ք հաստատել ճշմարիտ բարեկամութիւններ». Լեւոն Պապը երիտասարդներուն

Սրբազան Հայրը կրկնեց իր քաջալերական խօսքերը անոնց ըսելով. «բացէ՛ք ձեր սրտին դուռը, միշտ մտիկ ըրէք Յիսուս Քրիստոսին, եւ բնաւ մի՛ վախնաք մտիկ ընելէ այն, ինչ որ Յիսուս կ՛ուզէ ըսել ձեզմէ իւրաքանչիւրին: Այո՛, կրնամ ըսել շատ կարեւոր բան մը ձեզի՝ երիտասարդներուդ համար. ճանչցէ՛ք ձեր մէջ կեանքին արժէքը, քու կեանքիդ արժէքը, որ արդէն ստեղծուած ես Աստուծմէ, սիրուած ես Աստուծմէ, եւ քու կեանքդ շատ արժէք ունի. մեզի համար, Եկեղեցիին համար, քու ընտանիքիդ համար, ամբողջ աշխարհին համար»:

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Սան Մարինօ կատարած հովուական այցելութեան ծիրէն ներս, Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապը Սան Մարինոյի Մայր Տաճարին մէջ մասնակցելէ ետքը Սուրբ Հաղորդութեան Երկրպագութեան արարողութեան Մայր Տաճառի մուտքին ուզեց յատուկ ողջոյնի խօսք մը ուղղել այնտեղ համախմբուած Սան Մարինոյի երիտասարդ բնակիչներուն։

Սրբազան Հայրը կրկնեց իր քաջալերական խօսքերը անոնց ըսելով. «բացէ՛ք ձեր սրտին դուռը, միշտ մտիկ ըրէք Յիսուս Քրիստոսին, եւ բնաւ մի՛ վախնաք մտիկ ընելէ այն, ինչ որ Յիսուս կ՛ուզէ ըսել ձեզմէ իւրաքանչիւրին: Այո՛, կրնամ ըսել շատ կարեւոր բան մը ձեզի՝ երիտասարդներուդ համար. ճանչցէ՛ք ձեր մէջ կեանքին արժէքը, քու կեանքիդ արժէքը, որ արդէն ստեղծուած ես Աստուծմէ, սիրուած ես Աստուծմէ, եւ քու կեանքդ շատ արժէք ունի. մեզի համար, Եկեղեցիին համար, քու ընտանիքիդ համար, ամբողջ աշխարհին համար»:



«Հաւատացէ՛ք անոր, ինչ որ Աստուած ստեղծած է, որովհետեւ բոլորդ Աստուծոյ որդիներն ու դուստրերն էք, եւ Աստուած ձեզ կը սիրէ: Եւ ձեր սրտին մէջ սիրոյ այս զգացումով ապրիլը ձեզի պիտի տայ ամէն ինչ, որու կարիքը պիտի ունենաք ամբողջ կեանքի ընթացքին» շարունակեց Քահանայապետը հրաւիրելով երիտասարդները ըլլալու «առատաձեռն» եւ «միշտ բաց ուրիշներուն ծառայելու», ջանալով հաստատել ճշմարիտ բարեկամութիւններ:

«Բարեկամութեան մէջ կրնանք համայնք կազմել: Հոս՝ Սան Մարինոյի մէջ, ունիք այնքան գեղեցիկ նշանաբան մը, մէկ հատիկ բառ. «Libertas» (Ազատութիւն): Վստահաբար շատ անգամներ լսած էք զայն: Ճշմարիտ ազատութիւնը միայն Յիսուս Քրիստոսի մէջ կը տեսնենք, զայն կը տեսնենք ճշմարտութեան մէջ. Յիսուս, որ եկաւ, եկաւ մեզի կեանք տալու համար, եկաւ մեզի օգնելու, որ ճանչնանք ճշմարտութիւնը՝ յաճախ սուտով ու խաբէութեամբ լեցուն աշխարհի մը մէջ» նշեց հուսկ Նորին Սրբութիւնը հաւաստիացնելով թէ «եթէ իրենց սրտերուն մէջ ունին Յիսուս Քրիստոսը, եթէ ունին ճշմարտութիւնը եւ Յիսուսի հետեւելու ազատութիւնը, պէտք չէ վախնան ոչ մէկ բանէ«, որովհետեւ, ըսաւ Ան «Յիսուս կը քալէ ձեզի հետ, եւ Յիսուս մեզ բոլորս կը հրաւիրէ, կը համախմբէ միասին քալելու»

Նորին Սրբութիւնը խօսքը աւարտեց շնորհակալութիւն յայտնելով ներկաներուն եւ հրաւիրելով ապրիլ միշտ միացած որպէս մէկ համայնք:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

22/08/2026, 11:45