Որոնել

Եասնա Կորայի ուխտագնացութիւնը Եասնա Կորայի ուխտագնացութիւնը  (© Krzysztof Świertok / BPJG)

Լեւոն ԺԴ. Եասնա Կորայի Ուխտերը՝ արդարութեան եւ եղբայրութեան պատգամ մը

Եօթանասուն տարի առաջ, 26 օգոստոսին, շուրջ կէս միլիոն հաւատացեալներու ներկայութեամբ, հադիասւոր կերպով կը հռչակուէին Ուխտերը, մինչ Վիշինսքին տակաւին կալանաւորուած էր։ Խորանին կողքին դրուած պարապ աթոռ մը խորհրդանշապէս կը ներկայացնէր անոր բացակայութիւնը եւ, միաժամանակ, լեհ եկեղեցւոյ տառապանքը համայնավար վարչակարգին տակ:
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Եասնա Կորայի Ուխտերուն 70-ամեակի օրը` 26 օգոստոսին, Լեւոն ԺԴ. Պապը այսօր գլխաւորած հրապարակային ըդնհանուր ունկնդրութեան ընթացքին յատուկ ողջոյն մը ուղղեց լեհ հաւատացեալներուն, որոնք համախմբուած էին Չէնսթոխովայի Աստուածամօր Սրբավայրին մէջ: Քահանայապետը այս առիթով յիշեց 1956-ին Ստեֆան Վիշինսքի կարդինալին կողմէ իր բանտարկութեան շրջանին գրուած բնագրին հոգեւոր եւ ընկերային իմաստը:

«Անոնց մէջ պարունակուած ընկերութեան բարոյական նորոգութեան ծրագիրը՝ մարդկային կեանքի պաշտպանութեան, ամուսնութեան եւ ընտանիքի խնամքի, ինչպէս նաեւ մանուկներու եւ երիտասարդներու դաստիարակութեան միջոցաւ, թող շարունակէ ներշնչել արդարութեան եւ եղբայրութեան ի նպաստ յանձնառութիւնը» ըսաւ Լեւոն ԺԴ.։



Արդարեւ եօթանասուն տարի առաջ, 26 օգոստոսին, շուրջ կէս միլիոն հաւատացեալներու ներկայութեամբ, հադիասւոր կերպով կը հռչակուէին Ուխտերը, մինչ Վիշինսքին տակաւին կալանաւորուած էր։ Խորանին կողքին դրուած պարապ աթոռ մը խորհրդանշապէս կը ներկայացնէր անոր բացակայութիւնը եւ, միաժամանակ, լեհ եկեղեցւոյ տառապանքը համայնավար վարչակարգին տակ:

Բնագրին մէջ, Առաջնորդը ազգը կը հրաւիրէր բարոյական խոր նորոգութեան. կեանքի պաշտպանութիւն, ամուսնութեան եւ ընտանիքի խնամք, երիտասարդներու դաստիարակութիւն, ազնիւ աշխատանք եւ համերաշխութիւն: Ծրագիր մը, որ նաեւ կը պահանջէր պայքարիլ ատելութեան, բռնութեան, շահագործման եւ մոլութիւններու դէմ:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

26/08/2026, 11:29