Չէնսթոխովայի Սուրբ Կոյս Մարիամի ծիսական յիշատակութիւնը
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Այսօր՝ օգոստոս 26-ին, Եկեղեցին կը նշէ Չէնսթոխովայի Սուրբ Կոյս Մարիամի ծիսական յիշատակութիւնը։ Ասիկա Եւրոպայի ամենանուիրական մարեմեան տօներէն մէկն է եւ լեհ ժողովուրդի հաւատքի բաբախուն սիրտը։
Աւանդութեան համաձայն կը նշուի թէ Աստուածամօր սրբապատկերը գործն է Սուրբ Ղուկաս առաքեալին որ՝ Տիրամօր ժամանակակից ըլլալով գծած է Տիրամօր հարազատ դէմքը, Սուրբ Ընտանիքի կողմէ օգտագործուած սեղանի մը տախտակին վրայ։
Աւետարանիչը Երուսաղէմի մէջ գծագրած է երկու նկարներ ի միտ ունենալով՝ Մարիամին անհամեմատելի գեղեցկութիւնը փոխանցել ապագայ սերունդներուն։
Անոնցմէ մին հասած է Իտալիա եւ այսօր կը պահպանուի Պոլոնիա քաղաքին մէջ մինչ միւսը՝ զանազան վայրիվերումով հասած է Լեհաստան։
ԺԴ դարէն սկսեալ սրբավայրը դարձած է պաշտամունքի եւ մեծարանքի վայր եւ նկատուած է Տիրամօր նուիրուած Լեհաստանի ամենէ կարեւոր ու հռչակաւոր սրբավայրը ուր ամէն տարի` բազմահազար ուխտաւորներ կը փութան, հայցելու համար Աստուածամօր բարեխօսութիւնը։
Այս նուիրուածութեան կեդրոնը Չէնսթոխովայի Եասնա Կորայի վանքն է («Լուսաւոր Լեռ»), ուր պահուած է Սեւ Աստուածածնայ հռչակաւոր սրբապատկերը որ կը ներկայացնէ Կոյսը, որ ցոյց կու տայ Մանուկ Յիսուսը՝ իբրեւ փրկութեան աղբիւր։
Մարիամի մութ դէմքին վրայ ակնառու են աջ այտի երկու խոր ապիները, որոնք մնացած են 1430-ի սրբապղծութեան մը հետեւանքով։ Հաւատացեալներուն համար ասոնք կը խորհրդանշեն անոր մօտիկութիւնը մարդկային տառապանքներուն։
Այս սրբապատկերին հետ սերտօրէն կապուած էր Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ. Պապը, որ իր քահանայապետութեան նշանաբան ընտրած էր մարեմեան նուիրումի Totus Tuus («Ամբողջովին քուկդ») խօսքը։ 1979-ին, Եասնա Կորայի մէջ արտասանած իր պատմական քարոզին ընթացքին, լեհ Քահանայապետը ըսաւ.
«Լեհերը սովորութիւն ունին այս վայրը գալու՝ ամէն ինչ իրենց հետ բերելով. իրենց յաջողութիւններն ու ցաւերը, իրենց դժուար պահերն ու յոյսերը։ Լեհերը սովորութիւն ունին այս վայրը կոչելու Մեծ Յոյսի Սրբավայր։ Հոն, Մօր սրտին մէջ, կը բաբախէ ազգին սիրտը»։
Դարերու ընթացքին, Չէնսթոխովայի Կոյսը հռչակուած է Լեհաստանի Թագուհի եւ Պաշտպան՝ դառնալով ոչ միայն կրօնական, այլեւ ազգային ինքնութեան եւ պատմութեան ամենամութ պահերուն հոգեւոր դիմադրութեան խորհրդանիշ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.