Սրբազան Պապը 100.000 Եւրոյի շտապ օգնութիւն կ'ուղարկէ Քոլոմպիայի երկրաշարժէն տուժած շրջաններուն
Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան
Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Քահանայապետը 100.000 եւրոյի նիւթական շտապ օգնութիւն ուղարկած է Քոլոմպիայի մէջ տեղի ունեցած 7.4 ուժգնութեամբ աղէտալի երկրաշարժէն տուժած շրջաններուն՝ իբրեւ աղէտեալ ժողովուրդին իր հայրական մօտիկութեան եւ զօրակցութեան գործնական նշան։
Այս գումարը պիտի կառավարուի Քոլոմպիայի «Քարիթաս»ի կողմէ, որպէսզի համակարգուի օժանդակութիւններու հաւաքումն ու բաշխումը առաւել վնասուած թեմերուն։ Սա առաջին արտակարգ միջամտութիւնն է, որուն պիտի հետեւին լրացուցիչ օգնութիւններ՝ ըստ յառաջացող կարիքներուն։
Սրբազան Պապին աղօթքը եւ մօտիկութիւնը
Չորեքշաբթի օրուայ Ընդհանուր ունկնդրութեան ընթացքին, Սրբազան Պապը իր խօսքն ու աղօթքը ուղղեց աղէտին զոհերուն եւ վիրաւորներուն՝ ըսելով․
«Կ՚ուզեմ իմ մօտիկութիւնս արտայայտել այն քոյրերուն եւ եղբայրներուն, որոնք Քոլոմպիոյ մէջ տուժուեցան վերջերս տեղի ունեցած երկրաշարժի հետեւանքով, որ պատճառեց բազմաթիւ զոհեր եւ վիրաւորներ ինչպէս նաեւ մեծ նիւթական վնասներ։ Մինչ Տիրոջ կը հայցեմ հանգուցեալներուն յաւիտենական հանգիստը, կը վստահեցնեմ թէ աղօթքներս կը բարձրացնեմ անոնց ընտանիքներուն եւ բոլոր անոնց համար, որոնք այս ողբերգութենէն տուժեցին»։
Սրբազան Քահանայապետը նաեւ իր խորին երախտագիտութիւնը յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք անձնուիրաբար կ՚աշխատին փրկարարական եւ աղէտահարներու օժանդակութեան ուղիին մէջ։
Եկեղեցին` Աստուծոյ մէկ ընտանիք
Միեւնոյն ատեն, Առաքելական Ողորմաբաշխութիւնը մշտական կապի մէջ է Քոլոմպիայի Պապական Նուիրակութեան եւ Եպիսկոպոսաց Համահաւաք դասին հետ՝ կացութեան հետեւելու եւ առաջնահերթ կարիքները ճշդելու համար։
Այս քայլով Վերատեսչութիւնը անգամ մը եւս կը հաստատուի իբրեւ Սրբազան Պապին մօտիկութեան գործնական գործիքը՝ մարմնաւորելով Եկեղեցւոյ առաքելութիւնը, որ իբրեւ Աստուծոյ ընտանիք ունկնդիր է մարդկային տառապանքներուն եւ կը պատասխանէ եղբայրասիրութեամբ ու արդիւնաւէտութեամբ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.
