Որոնել

Մանիզալէսի մայր եկեղեցին որ վնասուեցաւ Քոլոմպիան հարուածող երկրաշարժէն Մանիզալէսի մայր եկեղեցին որ վնասուեցաւ Քոլոմպիան հարուածող երկրաշարժէն 

Լեւոն ԺԴ.-ի խոր ցաւը եւ հոգեւոր մօտիկութիւնը Քոլոմպիայի երկրաշարժի զոհերուն

Հեռագիրին մէջ Սրբազան Քահանայապետը, «խոր ցաւով իմանալով Քոլոմպիոյ տարբեր շրջանները ծանրօրէն հարուածած երկրաշարժի տխուր լուրը», իր աղօթքը կը բարձրացնէ ննջեցեալներու հոգւոյն հանգստեան համար եւ Տիրոջմէ կը խնդրէ աղէտէն տուժածներու շուտափոյթ ապաքինումը։ Երկրաշարժը պատճառած է զոհեր, բազմաթիւ վիրաւորներ եւ նիւթական հսկայական վնասներ, որոնց շարքին՝ նաեւ բազմաթիւ եկեղեցիներու վնասումը։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան 

«Սրբազան Քահանայապետը, խոր ցաւով իմանալով Քոլոմպիայի տարբեր շրջանները ծանրօրէն հարուածած երկրաշարժի տխուր լուրը, որ պատճառած է զոհեր եւ բազմաթիւ վիրաւորներ, ինչպէս նաեւ նիւթական հսկայական աւերներ նաեւ բազմաթիւ եկեղեցիներու, աղօթք կը բարձրացնէ ննջեցեալներու հոգւոյն հանգստեան համար եւ Տիրոջ կ՚աղօթէ այս աղէտէն տուժածներու շուտափոյթ ապաքինման համար»։ Այսպէս կը գրէ Պետական Քարտուղար Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինը յանուն Լեւոն ԺԴ. Պապին Քարթախենայի Արքեպիսկոպոս եւ Քոլոմպիայի Եպիսկոպոսաց Համահաւաք դասի Նախագահ Գերապայծառ Ֆրանսիսքօ Խավիէր Մունիէրա Քորէային ուղղած մէկ հեռագիրին մէջ ի լուր 10 օգոստոսին Քոլոմպիան հարուածած ծանր երկրաշարժին։



Ծիրանաւորը ապա կը խնդրէ որ Նորին Սրբութիւն Լեւոն ԺԴ.-ի խորին ցաւակցութիւնները փոխանցուին «այն ընտանիքներուն, որոնք խոր ցաւի այս պահուն կը սգան իրենց հարազատներու կորուստը» ապահովելով նաեւ Սրբազան Պապին հոգեւոր մօտիկութիւնը եւ երախտագիտութիւնը «բոլոր անոնց, որոնք առատաձեռն նուիրումով կը մասնակցին որոնողական, փրկարարական եւ աջակցութեան աշխատանքներուն՝ ի նպաստ տուժածներուն»:

«Սրբազան Քահանայապետը միեւնոյն ատեն, Երանելի Կոյս Մարիամի բարեխօսութեամբ, Տիրոջմէ կը հայցէ սիրելի քոլոմպիացի ժողովուրդին վրայ հեղուլ հոգեւոր արիութեան եւ քրիստոնէական յոյսի պարգեւները, եւ ի սրտէ կը շնորհէ Առաքելական Օրհնութիւնը» կը գրէ միշտ Կարդինալ Փիէթրօ Փարոլինը Քոլոմպիայի Եպիսկոպոսաց Համահաւաք դասի Նախագահին յանուն Քահանայապետին ուղղած հեռագիրին մէջ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

11/08/2026, 13:50