Որոնել

2026.07.14 Assisi

Լեւոն ԺԴ. Ասսիզիի մէջ. Երիտասարդներուն ուղղուած հրաւէր՝ մեծ երազներ ունենալու

Օգոստոս 6-ին Քահանայապետը պիտի այցելէ Ասսիզին «GO! Franciscan Youth Meeting»-ի՝ հաւաքին առիթով, որ պիտի համախմբէ 18-էն 33 տարեկան աւելի քան 2,150 եւրոպացի երիտասարդներ: Լեւոն ԺԴ. Պապը պիտի աղօթէ Փորցիունքոլայի (Porziuncola) մէջ, պիտի պատասխանէ քանի մը երիտասարդներու հարցումներուն եւ պիտի նախագահէ Սուրբ Մարիամ Հրեշտակապետաց (Santa Maria degli Angeli) տաճարին մէջ մատուցուելիք Պատարագը:
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Օգոստոս 3-էն 6, Ասսիզին կը հիւրընկալէ «GO! Franciscan Youth Meeting»-ը՝ մեծ հաւաք մը, որ կը համախմբէ 18-էն 33 տարեկան աւելի քան 2,150 եւրոպացի երիտասարդներ: Ձեռնարկը իր գագաթնակէտին կը հասնի Օգոստոս 6-ին՝ Լեւոն ԺԴ. Պապին այցելութեամբ, որ պիտի աղօթէ Փորցիունքոլայի (Porziuncola) մէջ, պիտի պատասխանէ քանի մը երիտասարդներու հարցումներուն եւ պիտի նախագահէ Սուրբ Մարիամ Հրեշտակապետաց (Santa Maria degli Angeli) տաճարին մէջ մատուցուելիք Պատարագը:



Կազմակերպիչներէն եղբայր Լուքա տէ Փասքուալէ կը բացատրէ, թէ նախաձեռնութեան նպատակն է օգնել երիտասարդներուն վերագտնելու երազելու քաջութիւնը եւ չբաւարարուելու միջակ կեանքով մը՝ հետեւելով Սուրբ Ֆրանչիսկոս Ասսիզացիի օրինակին:

Օրերու ընթացքին նախատեսուած են աշխատանոցներ (workshops)՝ խաղաղութեան, ներողամտութեան, կոչման եւ եղբայրութեան թեմաներով, աղօթքի պահեր եւ աշխատանոցային հանդիպումներ, որոնք պիտի առաջնորդեն «առաքելական քարտէս» (carta missionaria) մը պատրաստութեան, որպէսզի կիսուի տեղական համայնքներուն հետ:

Ըստ եղբայր Լուքայի, Սուրբ Ֆրանչիսկոսի պատգամը կը նկատուի այժմէական, որովհետեւ կը հրաւիրէ ապրելու պարզութեամբ, յոյսով եւ վստահութեամբ՝ դիմագրաւելով ներկայի մարտահրաւէրները առանց հրաժարելու սեփական իտէալներէն: Ակնկալութիւնն է, որ Լեւոն ԺԴ. Պապը խրախուսէ  երիտասարդները՝ խանդավառութեամբ նայելու ապագային եւ կառուցելու երկխօսութեան ու խաղաղութեան կամուրջներ:

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

01/08/2026, 07:30