Որոնել

Լեւոն Պապը Ասսիզիի մէջ 2025-ի նոյեմբերին Լեւոն Պապը Ասսիզիի մէջ 2025-ի նոյեմբերին  (@Vatican Media)

Ասսիզի. Լևոն ժԴ-ի հանդիպումը «Go! Franciscan Youth Meeting 2006»ի երիտասարդ մասնակիցներուն հետ

Ձեռնարկին նպատակն է մասնակիցներուն վերստին յայտնաբերել տալ խաղաղութեան, զօրակցութեան եւ ամենէն տկարներուն հանդէպ ուշադրութեան պատգամը։ Հանդիպումը իր գագաթնակէտը կը գտնէ հինգշաբթի 6 օգոստոսին Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Քահանայապետին Ասսիզի ժամանումով։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Յառաջիկայ 3-էն 6 օգոստոսին, Ասսիզի քաղաքը պիտի դառնայ 18-էն 33 տարեկան եւրոպացի հազարաւոր երիտասարդներու հաւաքատեղին, «GO! Franciscan Youth Meeting» միջազգային ձեռնարկին առթիւ, որ կազմակերպուած է Ֆրանչիսկեան հարիւրամեակին եւ Սուրբ Ֆրանչիսկոսի մահուան 800-ամեակին առթիւ։

Հաւատացեալներու եւ ոչ հաւատացողներու առջեւ բաց այս հանդիպումը կ՛առաջարկէ հանդիպումի, աղօթքի, կազմաւորման եւ տօնախմբութեան ուղի մը՝ ներշնչուած Ասսիզիի Սուրբին եղբայրասիրութեան եւ բաժնեկցութեան արժէքներէն։

Ծրագիրը կը ներառէ նիւթական աշխատանոցներ (workshops), հոգեւոր պահեր եւ «Jubil Music» երաժշտական մրցոյթը, որ նուիրուած է երիտասարդ տաղանդներու։

Ձեռնարկը կազմակերպուած է Փոքրիկ Կրօնաւորներու, Կոնվենթուալ Փոքրիկ Կրօնաւորներու, Քափուչին Փոքրիկ Կրօնաւորներու, ինչպէս նաեւ Ասսիզիի Քաղաքապետութեան եւ Թեմին կողմէ՝ Սուրբ Ֆրանչիսկոսի մահուան 800-ամեակի Ազգային Յանձնախումբի աջակցութեամբ։

Ձեռնարկին նպատակն է մասնակիցներուն վերստին յայտնաբերել տալ խաղաղութեան, զօրակցութեան եւ ամենէն տկարներուն հանդէպ ուշադրութեան պատգամը։

Երիտասարդները պիտի հիւրընկալուին քաղաքի զանազան կառոյցներուն մէջ, ինչպէս՝ մարզասրահներ եւ ցուցահանդէսի տարածքներ՝ ապրելով պարզութեան, հիւրընկալութեան եւ իսկական համայնքային կեանքի փորձառութիւն մը։

Հանդիպումը իր գագաթնակէտը կը գտնէ հինգշաբթի 6 օգոստոսին Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Քահանայապետին Ասսիզի ժամանումով։

Նորին Սրբութիւնը Վատիկանէն կը մեկնի ինքնաթիռով` առաւօտեան ժամը ութին ու Santa Maria degli Angeli -ի «Միկակելլի» մարզադաշտ կը ժամանէ կէս ժամ թռիչքէ մը ետք, ուր կը դիմաւորուի Ասսիզիի Եպիսկոպոս` Գերապ. Ֆելիչէ Աքքրոքքայի, Իտալիոյ Նախարարներու Խորհուրդի Նախագահութեան ենթաքարտուղար Ալֆրետօ Մանթովանոյի ու Մարզային ու տեղական այլ քաղաքական անձնաւորութիւններու կողմէ որոնց շարքին Ասսիզիի քաղաքապետը։

Նորին Սրբութիւնը ապա կը տեղափոխուի Santa Maria degli Angeli Պազիլիքա ուր կը դիմաւորուի Ֆրանչիսկեան Միաբանութիւններու երեք մեծաւորներու կողմէ հուսկ Santa Maria degli Angeli հրապարակինն վրայ կը հանդիպի երիտասարդներուն հետ, պատասխանելով անոնց ուղղած երեք հարցումներուն։

Այս հանդիպումէն ետքը Նորին Սրբութիւնը Վանքի ներքնագաւիթին մէջ կ՛ողջունէ Ֆրանչիսկեան Միաբանութիւններու ներկայացուցիչները, եպիսկոպոսները ու Սուրբ Ֆրանչիսկոս Ասսիզացիի մահուան ութերորդ հարիւրամեակին նուիրուած Ազգային Յանձնախումբի անդամները։

Քահանայապետը ապա Պազիլիքային մէջ կը գլխաւորէ Սուրբ Պատարագը, որուն աւարտին երիտասարդ մը շնորհակալութեան խօսք մը կ՛ուղղէ Անոր, որ ապա լքելով Santa Maria degli Angeli պազիլիքան կ՛ուղղուի ուղղաթիռ եւ հրաժեշտ առնելէ ետք տեղական իշխանութիւններէն վերադարձ կը կատարէ Վատիկան։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

30/07/2026, 13:21