Սրբազան Պապը բացումը կատարեց Սակրատա Ֆամիլիայի Յիսուսի Աշտարակին
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Պատմական երեկոյ մը լուսաւորեց Պարսելոնան՝ Սակրատա Ֆամիլիայի Յիսուսի Աշտարակին բացումով, որ օրհնուեցաւ Լեւոն ԺԴ Պապին կողմէ՝ շուրջ 120.000 հոգիի ներկայութեամբ:
Իր 172,5 մեթր բարձրութեամբ, նոր սլաքաձեւ գմբէթը դարձաւ աշխարհի ամենաբարձր եկեղեցիին:
Արարողութեան ամենայուզիչ պահերէն մէկը եղաւ աշտարակին ներկայացումը Վալենթինայի կողմէ՝ տեսողութենէ զուրկ փոքրիկ աղջնակ մը, որ շօշափելի պզտիկ կաղապարի մը միջոցաւ Քահանայապետին բացատրեց գործին խորհրդանշական իմաստը:
Աշտարակի գագաթին զետեղուած լուսաւոր խաչը բռնկեցաւ արեւամուտին, մինչ երաժշտութիւնը, լոյսերն ու հրավառութիւնը քաղաքին երկինքը վերածեցին մեծ տպաւորչութեամբ համակուած տեսարանի մը:
Այս իրադարձութիւնը հանդիսացաւ ոչ միայն ճարտարապետական նուաճում, այլեւ՝ հրաւէր մը հոգեւոր այն արժէքներուն, որոնք ներշնչած են Կաուտին` որուն ծննդեան հարիւր ամեակը կը յիշատակաուէր նոյն օրը:
Նոր աշտարակը կը ներկայանայ իբրեւ հաւատքի ու յոյսի նշան՝ կոչուած դառնալու Պարսելոնայի եւ Միջերկրականի երկնակամարի ամենաճանաչելի խորհրդանիշներէն մէկը:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.
