Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապին Պատարագը Պարսելոնայի Սակրատա Ֆամիլիա տաճարին մէջ
Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան
Սպանիա կատարած առաքելական ճամբորդութեան (6-12 Յունիս 2026) ծիրէն ներս, Նորին Սրբութիւն Լեւոն ԺԴ Պապը, չորեքշաբթի` 10 Յունիսի երեկոյեան մասնակցեցաւ ճամբորդութեան առանցքային պահերէն մինչ հանդիսացող` Պարսելոնայի հռչակաւոր «Սակրատա Ֆամիլիա» (Սուրբ Ընտանիք) պազիլիքայի աշտարակի բացման արարողութեան։
Այս աշտարակը Սակրատա Ֆամիլիայի տասնըութ աշտարակներէն ամենաբարձրն է եւ իր 172,5 մեթր բարձրութեամբ կը հանդիսանայ աշխարհի ամենաբարձր եկեղեցական աշտարակը։
Այս կարեւոր ու պատմական իրադարձութեան առիթով Լեւոն Պապը` 10 Յունուարի երեկոյեան տեղական ժամով 7,30-ին Սակրատա Ֆամիլիա պազիլիքային մէջ մէջ գլխաւորեց Սուրբ Պատարագը` Սպանիոյ Ֆիլիփ Զ Թագաւորի ներկայութեամբ։
Սակրատա Ֆամիլիայի բաց բազուկները
Սուրբ Զոհի ընթացքին արտասանած Իր քարոզի նախաբանին մէջ Սրբազան Հայրը, Սաղմոսներէն ներշնչուած օրհնաբանութեամբ, ողջունեց ներկայ հաւատացեալները, հոգեւորականաց դասը եւ Պարսելոնայի Արքեպիսկոպոսը ապա իր շնորհակալութիւնը յայտնեց պետական ու տեղական մարմիններուն, ինչպէս նաեւ այլ քրիստոնեայ ու կրօնական համայնքներու ներկայացուցիչներուն։
«Այս երեկոյ, որ տօն է Պարսելոնա ամբողջ քաղաքին եւ սպանացի ժողովուրդին համար, յատկապէս քաթալանցիներուն, իմ երախտագիտութեան ջերմ ողջոյններս կը յղեմ պետական, շրջանային եւ տեղական իշխանութիւններուն, ինչպէս նաեւ քրիստոնէական միւս համայնքներու եւ այլ կրօններու անդամներուն, որոնք կը մասնակցին մեր այս գոհաբանական արարողութեան», ըսաւ Սրբազան Պապը «Սակրատա Ֆամիլիա» պազիլիքան նմանեցնելով «լայն բացուած բազուկներու», որոնք կը հրաւիրեն ամէնքը միանալու Աստուծոյ խօսքին շուրջ, տաճարին մէջ գտնելով միութեան եւ համերաշխութեան վաւերական նշան մը՝ իրենց հայեացքը ուղղելով դէպի Երկնաւոր Հօր դէմքը։
Անտեսանելի Աստուծոյ տեսանելի նշանը
Լեւոն Պապը հուսկ երախտագիտութեամբ յիշեց իր նախորդը՝ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը, որ 2010 թուականին օծած ու նուիրագործած էր այս հոյակերտ տաճարը՝ զայն որակելով որպէս անտեսանելի Աստուծոյ տեսանելի նշանը:
«Այս եկեղեցին մէկ միասնական շէնք է՝ բաղկացած բազմաթիւ քարերէ։ Տուն մը, որ տարիներու ընթացքին մշտապէս կ՚աճի՝ համաձայն նոյնանման նախագծի մը։ Մենք ամէնքս այս գործին կենդանի քարերն ենք, որուն հիմքն ու գագաթնակէտը, սկիզբն ու աւարտը Քրիստոսն է։ Սակրատա Ֆամիլիա (Սուրբ Ընտանիք) պազիլիքան մեզի կը յիշեցնէ, թէ քրիստոնէական կեանքը միշտ ճանապարհորդութիւն մըն է, որովհետև անիկա նախագիծ մըն է, զոր Աստուած կը հասցնէ իր լրումին», ըսաւ ապա Նորին Սրբութիւնը եւ խորհրդածութիւնը կեդրոնացուց Աստուծոյ եւ մարդուն միջեւ եղած յարաբերութեան վրայ՝ կառուցման ընթացքի մէջ գտնուող տաճարի պատկերին միջոցաւ։
Մարդկային կեանքը անաւարտ գործ մը չէ այլ Աստուծոյ ծրագիր
«Մարդկային կեանքը ձախողութեան դատապարտուած անաւարտ գործ մը չէ, այլ ծրագիր մը, զոր Աստուած կը շարունակէ իրագործել մեզի հետ միասին։ Ըլլալով Սուրբ Հոգիին տաճարը՝ կոչուած ենք գործակցելու Աստուծոյ հետ, որպէսզի մեր գոյութիւնը դառնայ այն գլուխ-գործոցը, որ Ինք նախատեսած է» յարեց Լեւոն Պապը աւելցնելով` թէ Աստուծոյ հաւատալ կը նշանակէ ընդունիլ կեանքը, ներումը եւ մեղքէն ազատագրումը։ Մինչ ընդհակառակը, Քրիստոսը մերժել կը նշանակէ մնալ մեղքի մէջ եւ վնասել նաեւ ուրիշներուն։
Չենք կրնար հաւատալ Յիսուսի եւ սպաննել անմեղը
«Սիրելինե՛ր, չենք կրնար հաւատալ Յիսուսի եւ պատերազմիլ։ Չենք կրնար հաւատալ Յիսուսի եւ սպաննել անմեղը՝ նոյնիսկ իր ծնունդէն առաջ։ Չենք կրնար հաւատալ Յիսուսի եւ լքել անոնք, որոնք կը տառապին, կու լան կամ կը փախչին չքաւորութենէն» դիտել տուաւ Ան եւ ակնարկեց Քրիստոսի Խաչին, որ պիտի զետեղուի Պազիլիքային գագաթը հաստատելով` թէ «անիկա խաչն է վերջիններուն, որոնք կը դառնան առաջին, մեղաւորներունը` որոնք կը դառնան սուրբ, մահացածներունը` որոնք յարութիւն կ՛առնեն»։
Աստուած մեզ կը սիրէ՝ մահուան գործիք մը վերածելով յոյսի նշանի
«Հիանալով Յիսուս Քրիստոսի աշտարակով՝ մեր հայեացքը կը բարձրացնենք դէպի Ան, որ միակն է, որ մեզի կը յայտնէ Աստուծոյ ճշմարտութիւնը եւ մեր իսկ սեփական ճշմարտութիւնը։ Նայելով Քրիստոսի՝ կրնանք աշխարհը տեսնել նորոգուած աչքերով. Խաչին աշտարակը այն ատեն կը դառնայ սիրոյ դրօշակ, որովհետեւ Աստուած մեզ այսպէս կը սիրէ՝ մահուան գործիք մը վերածելով յոյսի նշանի։ Յիսուսի Խաչին մէջ մեր հաւատքը կը հասնի իր գագաթնակէտին, ինչպէս կը դաւանի սլաքաձեւ գմբէթի հիմքին զետեղուած արձանագրութիւնը. «Դուն միայն Սուրբ ես, Դուն միայն Տէր ես, Դուն միայն Բարձրեալ ես»։ Այս Խաչը կը փայլի ցորեկը՝ անդրադարձնելով արեւուն լոյսը, եւ կը փայլի գիշերը՝ լուսաւորելով քաղաքը իբրեւ Միջերկրականի վրայ բացուած փարոս» ըսաւ Սրբազան Պապը հաստատելով` թէ Քրիստոսի լոյսը կը շարունակէ փայլիլ նոյնիսկ երբ կը մերժուի։
Անթոնի Կաուտիին վաստակը
Ան առ այդ ակնարկեց ճարտարապետ Անթոնի Կաուտիին, որուն մահուան տարելիցը կը նշուի ճիշտ այսօր, որ «իր կառուցած տարածութիւնները ծրագրեց իբրեւ հոգեւոր ուղի մը՝ ընդունակ պատմելու Յիսուսի կեանքի խորհուրդները եւ առաջնորդելու Իրեն հետ հանդիպման» ըսաւ Քահանայապետը եւ ասկէ մեկնելով յարգանքի տուրք մատուցեց անոր ու բոլոր անոնց, որոնք իրենց նպաստը բերած են ճարտարապետական այս գլուխ-գործոցի իրագործման, որ կը դիտուի ոչ միայն իբրեւ շէնք, այլեւ՝ քարով, գոյնով ու լոյսով կերտուած մեծ քարոզութիւն մը։
Արուեստն ու գեղեցկութիւնը աւետարանութեան իւրայատուկ գործիք
Արդարեւ Քահանայապետին համար արուեստն ու գեղեցկութիւնը աւետարանութեան իւրայատուկ գործիքներ են՝ շարունակելով հին տաճարներու աւանդութիւնը, որոնք իսկական «աղքատներու Աստուածաշունչեր» էին եւ հաւատքը կը փոխանցէին պատկերներու միջոցաւ։
«Սիրելի՛ եղբայրներ եւ քոյրեր, այս տաճարին գեղեցկութիւնը թող մեզ քաջալերէ մեր Վարդապետէն ու Տիրոջմէն աւելի ու աւելի սորվելու իր Աւետարանին համաձայն ապրելու արուեստը։ Մինչ մեր հայեացքը կը բարձրացնենք դէպի Իրեն՝ Յարուցեալ Խաչեցեալին, յանձնառու ըլլանք բարձրացնելու անոնց դէմքը, որոնք փոշիի մէջ են (հմմտ. Ա. Թագ. 2, 8)։ Եւ այսպէս փաստենք, որ Սուրբ Ընտանիքի տաճարը (Սակրադա Ֆամիլիա) աշխարհի ամենաբարձր եկեղեցին է՝ ոչ թէ աշխարհիկ վարկանիշներու մէջ գերիշխելու, այլ Սպանիոյ եւ Քաթալոնիոյ այս հողին վրայ ուխտաւոր Աստուծոյ ժողովուրդին քայլերը առաջնորդելու համար՝ խաչով, որ կը լուսաւորէ ճամբան, որպէս վառած կանթեղ՝ Փեսային վերադարձի սպասումով» եղան Քահանայապետին քարոզի եզրափակիչ խօսքերը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.
