Եկեղեցին պատմութեան մէջ՝ որպէս ուխտաւոր դէպի երկնային հայրենիք. Հրապարակային ունկնդրութեան խորհրդածութիւնը
Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան
Չորեքշաբթի` 6 Մայիս 2026-ի առաւօտեան Լեւոն ԺԴ. Պապը Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ գլխաւորեց չորեքշաբթի օրուան հրապարակային ունկնդրութիւնը, որուն, ըստ սովորութեան, իրենց մասնակցութիւնը բերին տասնեակ հազարաւոր իտալացի եւ օտարազգի պատկան ուխտաւորներ եւ հաւատացեալներ։
Եկեղեցին ուխտաւոր դէպի երկնային հայրենիք
Ունկնդրութեան ընթացքին, շարունակելով այս տարուան խորհրդածութիւններուն համար ընտրած «Վատիկանի Բ. ժողովի փաստաթղթերուն» նուիրուած նիւթը, Քահանայապետը խորհրդածութիւնը կեդրոնացուց Եկեղեցւոյ վախճանաբանական (eschatological) չափանիշին վրայ, այսինքն Եկեղեցին պատմութեան մէջ՝ որպէս ուխտաւոր դէպի երկնային հայրենիք։
Վախճանաբանական չափանիշը
«Այսօր կեդրոնանալով Եկեղեցւոյ մասին Վատիկանեան Բ. Ժողովի Սահմանադրութեան եօթերորդ գլխուն մէկ մասին վրայ, կը խորհրդածենք անոր յատկանշական մէկ յատկութեան շուրջ՝ վախճանաբանական (eschatological) չափանիշը» ըսաւ Սրբազան Պապը դիտել տալով, թէ «Եկեղեցին կը քալէ այս երկրային պատմութեան մէջ՝ միշտ ուղղուած դէպի վերջնական նպատակակէտը, որ երկնային հայրենիքն է»:
«Ասիկա էական չափանիշ մըն է, զոր սակայն յաճախ կ’անտեսենք կամ կը նուազեցնենք, որովհետեւ չափազանց կեդրոնացած ենք անմիջապէս տեսանելիին եւ քրիստոնէական համայնքի կեանքի աւելի շօշափելի դրսեւորումներուն վրայ» նշեց ապա Սրբազան Պապը, ապա նկատել տուաւ, որ «Յիսուս սկիզբ տուաւ Եկեղեցւոյ հռչակելով այդ սիրոյ, արդարութեան եւ խաղաղութեան Երկնային Թագաւորութիւնը, որուն համար կանչուած ենք նկատի առնելու Քրիստոսի մէջ փրկութեան հասարակական եւ տիեզերական չափանիշը մեր հայեացքը ուղղելով այդ վերջնական հորիզոնին»։
Եկեղեցին պատմութեան մէջ ի ծառայութիւն Աստուծոյ Թագաւորութեան
Եկեղեցին արդարեւ կ՜ապրի պատմութեան մէջ ի ծառայութիւն Աստուծոյ Թագաւորութեան։ Ան բոլորին եւ միշտ կը հռչակէ Քրիստոսի խոստումին խօսքերը... ընդունելով միանգամայն թէ փրկութիւնը կը տրուի Աստուծմէ Սուրբ Հոգիին միջոցաւ նաեւ տեսանելի սահմաններէն ալ անդին։
Եկեղեցին արդարեւ փրկութեան տիեզերական խորհուրդն է, այսինքն՝ Աստուծոյ կողմէ խոստացուած կեանքի եւ խաղաղութեան այդ լիութեան նշանն ու գործիքը, որուն իրագործումը մարդկութեան եւ տիեզերքին պիտի տրուի միայն ժամանակներու աւարտին:
Եկեղեցւոյ յատուկ առաքելութիւնը
«Հետեւաբար, Քրիստոսի հաւատացեալները կը քալեն այս երկրային պատմութեան մէջ, որ յատկանշուած է բարիի հասունացմամբ, բայց նաեւ անարդարութիւններով ու տառապանքներով՝ առանց ըլլալու պատրանքներու մէջ կամ յուսահատ: Անոնք կ’ապրին ուղղորդուած այն խոստումով, որ ստացած են «Անկէ, որ ամէն ինչ նոր կ’ընէ» (Յայտ 21, 5): Հետեւաբար, Եկեղեցին կ’իրագործէ իր առաքելութիւնը Յիսուսի միջոցաւ Աստուծոյ Թագաւորութեան սկզբնաւորման «արդէն»-ին եւ խոստացուած ու սպասուած լրումին «դեռ ոչ»-ին միջեւ: Որպէս պահապանը յոյսի մը, որ կը լուսաւորէ ճանապարհը, ան նաեւ օժտուած է այն առաքելութեամբ, որ յստակ խօսքեր կ՛ արտասանէ մերժելու համար այն ամէնը, ինչ որ կը նուաստացնէ կեանքը եւ կը խոչընդոտէ անոր զարգացումը, ու կը դիրքորոշուի ի նպաստ աղքատներուն, շահագործուածներուն, բռնութեան ու պատերազմի զոհերուն եւ բոլոր անոնց, որոնք կը տառապին մարմնով ու հոգիով (հմմտ. Եկեղեցւոյ ընկերային վարդապետութեան համառօտագրութիւն, թիւ 159):
Եկեղեցին ինքզինք չի քարոզեր այլ Քրիստոսի փրկութիւնը
«Որպէս Թագաւորութեան նշանն ու խորհուրդը, Եկեղեցին երկրի վրայ ուխտագնաց Աստուծոյ ժողովուրդն է, որ՝ ճիշդ հիմնուելով վերջնական խոստումին վրայ՝ Աւետարանի լոյսին տակ կը կարդայ ու կը մեկնաբանէ պատմութեան շարժառիթները՝ դատապարտելով չարը իր բոլոր ձեւերուն մէջ եւ յայտարարելով, խօսքով ու գործով, այն փրկութիւնը, զոր Քրիստոս կ’ուզէ իրագործել համայն մարդկութեան համար, եւ Իր արդարութեան, սիրոյ ու խաղաղութեան Թագաւորութիւնը: Հետեւաբար, Եկեղեցին ինքզինք չէ որ կը քարոզէ. ընդհակառակը, անոր մէջ ամէն ինչ պէտք է մատնանշէ Քրիստոսով եղած փրկութիւնը» ըսաւ հուսկ Նորին Սրբութիւնը ու հաստատեց. «Այս հեռանկարով, Եկեղեցին կոչուած է խոնարհութեամբ ընդունելու իր հաստատութիւններուն մարդկային տկարութիւնն ու անցաւորութիւնը, որոնք, թէեւ Աստուծոյ Թագաւորութեան կը ծառայեն, սակայն կը կրեն այս աշխարհի անցողիկ պատկերը (հմմտ. LG, 48)։ Եկեղեցական ոչ մէկ հաստատութիւն կրնայ բացարձակ նկատուիլ. ընդհակառակը, քանի որ անոնք պատմութեան եւ ժամանակի մէջ կ'ապրին, կոչուած են շարունակական դարձի, ձեւերու նորոգման եւ կառոյցներու բարեփոխման, յարաբերութիւններու մշտական վերակենդանացման, որպէսզի կարենան իսկապէս համապատասխանել իրենց առաքելութեան»։
Սուրբերու հաղորդութիւնը
Խորհրդածութեան աւարտին Ան ապա շեշտը դրաւ այն կապի վրայ, որ գոյութիւն ունի այսօր իրենց առաքելութիւնը կատարող քրիստոնեաներուն եւ անոնց միջեւ, որոնք արդէն աւարտած են իրենց երկրային գոյութիւնը ու կը գտնուին մաքրագործման կամ երանութեան վիճակի մէջ. «բոլորը կը կազմեն մէկ Եկեղեցի՝ fraterna sollicitudo (եղբայրական հոգածութիւն) մը երկրային Եկեղեցւոյ եւ երկնային Եկեղեցւոյ միջեւ` Սուրբերու հաղորդութիւնը, զոր կը փորձարկուի յատկապէս ծիսակատարութեան մէջ», նշեց ի միջի այլոց Քահանայապետը որ խորհրդածութինը եզրափակեց երախտապարտութեան խօսքով ուղղուած Ժողովական Հայրերուն, «որ մեզի յիշեցուցին քրիստոնեայ ըլլալու այսքան կարեւոր եւ այսքան գեղեցիկ չափանիշը» ըսաւ Ան ու հրաւիրեց մեր կարգին զայն մշակել մեր կեանքին մէջ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
