Որոնել

2026.05.03 Angelus

Մեր ճակատագիրը եղբայրութիւնն ու խաղաղութիւնն են. Լեւոն ԺԴ.

«Սիրելով զիրար այնպէս՝ ինչպէս Յիսուս մեզ սիրեց, մենք մեզի կը պարգեւենք այս գիտակցութիւնը։ Ասիկա նոր պատուիրանն է. այսպէս կը կանխենք երկինքը երկրի վրայ՝ բոլորին յայտնելով, թէ եղբայրութիւնն ու խաղաղութիւնը մեր ճակատագիրն են։ Արդարեւ, սիրոյ մէջ, եղբայրներու բազմութեան մը մէջ, իւրաքանչիւրը կը յայտնաբերէ իր եզակիութիւնը»։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 3 Մայիս 2026-ի կէսօրին Լեւոն ԺԴ. Պապը Առաքելական Պալատի իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց «Ուրախ Լեր Թագուհի Երկնից» Մարեմեան աղօթքը եւ աղօթքէն առաջ ներկայացուց աւանդական խորհրդածութիւնը ներշնչում քաղելով օրուան աւետարանական հատուածէն (Յովհաննէս 14,1-12) որուն մէջ Յիսուս սքանչելի խոստում մը կը կատարէ. «Երբ երթամ ու ձեզի տեղ պատրաստեմ, դարձեալ պիտի գամ եւ ձեզ քովս պիտի առնեմ, որպէսզի ուր որ ես եմ՝ դո՛ւք ալ հոն ըլլաք» (հմմտ. 3)»:

Աստուծոյ Տան մէջ տեղ կայ բոլորին

«Զատկական ժամանակաշրջանի ընթացքին, ինչպէս նորածին Եկեղեցին, մենք կը վերադառնանք Յիսուսի այն խօսքերուն, որոնք իրենց լիակատար իմաստը կը ստանան Անոր չարչարանքներուն, մահուան եւ յարութեան լոյսին տակ» ըսաւ Քահանայապետը սկիզբ տալով խորհրդածութեան ու նշելով թէ «այն ինչ որ նախապէս աշակերտներուն համար անհասկնալի էր կամ խռովութիւն կը յառաջացնէր, հիմա կը վերյիշուի, կը տաքցնէ սիրտը եւ յոյս կը պարգեւէ»։

Բաց Դռներ եւ պատրաստ սենեակներ

Յիսուսի այս խօսքերէն մղուած առաքեալները կը բացայայտեն, որ «Աստուծոյ մօտ իւրաքանչիւրին համար տեղ կայ»….եւ «նոյնիսկ մահուան առջեւ, Յիսուս կը խօսի տան մը մասին, որ այս անգամ շատ մեծ է. Իր Հօր եւ մեր Հօր տունն է, ուր ամէնուն համար տեղ կայ» յարեց Նորին Սրբութիւնը աւելցնելով թէ «Որդին ինքզինք կը նկարագրէ որպէս ծառայ մը, որ սենեակներ կը պատրաստէ, որպէսզի ամէն մէկ եղբայր եւ քոյր, ժամանելով այնտեղ, գտնէ իր սենեակը պատրաստ եւ զգայ, որ միշտ սպասուած է ու վերջապէս գտնուած»։

Աստուծոյ մօտ կայ ընդունելութիւն եւ երախտագիտութիւն

Քահանայապետը ապա ակնարկեց մեր այս «հին աշխարհի մէջ ուղեւորութեան» դիտել տալով, թէ ի տարբերութիւն երկրային աշխարհին, ուր կը փնտռուին «բացառիկ» վայրեր եւ միայն քիչերու համար հասանելի առաւելութիւններ, Աստուծոյ արքայութեան մէջ, «նոր աշխարհին մէջ ուր Յիսուս մեզ կը տանի», ամենէն թանկագինը հասանելի է բոլորին: «Հոն չկայ մրցակցութիւն կամ անհաւասարութիւն. կայ միայն ընդունելութիւն եւ երախտագիտութիւն եւ ամենէն առաջ ոչ մէկը շփոթուած է ուրիշին հետ։ Մահը կը սպառնայ ջնջել անունն ու յիշատակը, բայց Աստուծոյ մօտ իւրաքանչիւրը վերջապէս ինքզինք կը գտնէ։ Արդարեւ, այս է վայրը, որ կը փնտռենք մեր ամբողջ կեանքի ընթացքին, երբեմն պատրաստ ըլլալով ամէն ինչի՝ քիչ մը ուշադրութեան եւ ճանաչման արժանանալու համար» ըսաւ Լեւոն ԺԴ. եւ ընդգծեց Յիսուսին խօսքերը «Հաւատք ունեցէք» նշելով` որ «այս է` հաւատքն է գաղտնիքը»։

Հաւատքը որպէս ազատագրում

«Հաւատացէ՛ք Աստուծոյ, հաւատացէ՛ք նաեւ Ինծի» (Յովհ. 14, 1): Ճիշտ այս հաւատքն է, որ կ’ազատէ մեր սիրտը` ունենալու եւ տիրանալու տագնապէն, արժէքաւոր երեւալու համար հեղինակաւոր դիրքերու ետեւէն վազելու խաբկանքէն», ըսաւ ապա Նորին Սրբութիւնը ու հաստատեց թէ «իւրաքանչիւրս արդէն իսկ անհուն արժէք ունի Աստուծոյ խորհուրդին մէջ» բացատրելով նաեւ թէ մեր արժէքը դիրքերով չի չափուիր, այլ Աստուծոյ անհուն սիրով:

Մեր արժէքը չի չափուիր դիրքերով, այլ Աստուծոյ անհուն սիրով

«Սիրելով զիրար այնպէս՝ ինչպէս Յիսուս մեզ սիրեց, մենք մեզի կը պարգեւենք այս գիտակցութիւնը։ Ասիկա նոր պատուիրանն է. այսպէս կը կանխենք երկինքը երկրի վրայ՝ բոլորին յայտնելով, թէ եղբայրութիւնն ու խաղաղութիւնը մեր ճակատագիրն են։ Արդարեւ, սիրոյ մէջ, եղբայրներու բազմութեան մը մէջ, իւրաքանչիւրը կը յայտնաբերէ իր եզակիութիւնը»։

Աղօթենք ուրեմն Սրբուհի Մարիամին՝ Եկեղեցւոյ Մօր, որպէսզի իւրաքանչիւր քրիստոնեայ համայնք ըլլայ բոլորին համար բաց տուն մը եւ ուշադիր՝ իւրաքանչիւրին հանդէպ» եղան Սրբազան Պապի խորհրդածութեան եզրափակիչ խօսքերը:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/05/2026, 12:06

«Թագուհի Երկնից» աղօթքը, Լատին Եկեղեցւոյ մարեմեան չորս կցուրդներէն մին է (միւս կցուրդներն են՝ «Մայր Փրկչին», «Ողջոյն Թագուհի Երկնից» եւ «Ողջոյն Թագուհի»)։

1742 թուականին, Բենեդիկտոս ԺԴ. քահանայապետ նշանակած է, թէ «Թագուհի Երկնից» աղօթքը պէտք է կատարուէր յոտնկայս, զատկական ժամանակամիջոցին մէջ՝ Զատիկի կիրակիէն մինչեւ Պենտեկոստէ, «Հրեշտակ Տեառն» աղօթքի տեղ, որպէս նշան յաղթութեան մահուան վրայ։
Այս աղօթքը, Հրեշտակ Տեառնի նման կը կատարուի օրը երեք անգամ՝ այգաբացին, կէսօրին եւ մայրամուտին՝ օրը նուիրելու համար Աստուծոյ եւ Աստուածածնի։
Այս հին կցուրդը յառաջ եկած է բարեպաշտ աւանդութենէ մը, 6-10 դարերուն, մինչ անոր տարածումը կատարուած է 13րդ դարու առաջին կէսէն սկսեալ, երբ մուծուած է ֆրանսական ժամագրքին մէջ։ Ան բաղկացած է չորս փոքր յանգատողերէ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը կʼաւարտի «Ալէլուիա» կանչով։ Այդ աղօթքով, հաւատացեալները կը դիմեն Մարիամի՝ Երկնքի Թագուհիին, անոր հետ ուրախանալով Քրիստոսի Յարութեան համար։
2015 թուականի ապրիլի 6ին, Զատիկի յաջորդ օրը, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը երբ կʼաղօթէր Թագուհի Երկնից աղօթքը, խորհուրդ տուաւ հաւատացեալներուն թէ ի՛նչ պէտք է ըլլայ սրտի կեցուածքը երբ կʼարտասանենք այս աղօթքը։
«Կը դիմենք Մարիամի, զայն հրաւիրելով որ ուրախանայ, որովհետեւ Ան, զոր Մարիամ իր արգանդին մէջ կրեց, յարութիւն առաւ, ինչպէս խոստացած էր, եւ մեր անձերը կը վստահինք Մարիամի բարեխօսութեան։ Իրականին, մեր ուրախութիւնը Մարիամի ուրախութեան ցոլացումն է, որովհետեւ Ան է որ պահպանեց եւ հաւատքով կը պահպանէ Յիսուսի կեանքին եղելութիւնները։ Հետեւաբար այս աղօթքը արտասանենք զաւակներու յոյզերով, որոնք կʼուրախանան, որովհետեւ իրենց մայրը ուրախ է։»

Վերջին «Հրեշտակ Տեառնը» / «Ուրախ լեր Թագուհի երկնից»

Կարդալ բոլորը >