2026.05.10 Regina Caeli

Աստուծոյ սէրը կը կանխէ որեւէ պատուիրան. Լեւոն ԺԴ.

«Յիսուսի սէրն է, որ մեր մէջ կը ծնեցնէ սէրը: Քրիստոս Ինքն է չափանիշը, իսկական սիրոյն կանոնը. այն սիրոյն, որ միշտ հաւատարիմ է, մաքուր եւ անպայմանական: Այն սէրը, որ չի ճանչնար ո՛չ «բայց», ո՛չ ալ «թերեւս», այն սէրը որ կը տրուի առանց տիրանալ ուզելու, որ կեանք կու տայ առանց փոխարէնը բան մը սպասելու: Որովհետեւ Աստուած մեզ նախ սիրեց, մենք ալ կրնանք սիրել. եւ երբ իսկապէս կը սիրենք Աստուած, իսկապէս կը սիրենք նաեւ զիրար» բացատրեց Քահանայապետը
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկիան

Կիրակ` 10 Մայիսի կէսօրին Լեւոն ԺԴ. Պապը Առաքելական Պալատի իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց «Ուրախ Լեր» Մարեմեան աղօթքը որուն սկիզբը ներկայացուց աւանդական խորհրդածութիւնը զոր սովորութեան համաձայն կեդրոնացուց օրուան Աւետարանական հատուածին վրայ որուն մէջ Յիսուս Վերջին Ընթրիքի պահուն մինչ հացն ու գինին կը դարձնէ իր սիրոյն կենդանի նշանը, իր աշակերտներուն կ’ըսէ. «Եթէ զիս կը սիրէք, պիտի պահէք իմ պատուիրաններս» (Յովհ. 14, 15):

Աստուծոյ սէրն է մեր արդարութեան պայմանը

«Այս հաստատումը մեզ կ’ազատէ թիւրիմացութենէ մը, այսինքն այն գաղափարէն, թէ մենք սիրուած ենք միայն եթէ կը պահենք պատուիրանները. այդ պարագային մեր արդարութիւնը պիտի ըլլար Աստուծոյ սիրոյն պայմանը: Ընդհակառակը, Աստուծոյ սէրն է մեր արդարութեան պայմանը: Մենք իսկապէս կը պահենք պատուիրանները՝ ըստ Աստուծոյ կամքին, եթէ ճանչնանք իր սէրը մեր հանդէպ, ինչպէս Քրիստոս զայն կը յայտնէ աշխարհին: Յիսուսի խօսքերը, հետեւաբար, յարաբերութեան հրաւէր են, եւ ոչ թէ շորթում կամ կասկածելի կախում» ըսաւ Սրբազան Պապը դիտել տալով թէ ասոր համար է որ «Տէրը մեզի կը պատուիրէ սիրել զիրար այնպէս, ինչպէս Ինք մեզ սիրեց (հմմտ. Յովհ. 13, 34)»։

Տիրոջ պատուիրանները կեանքի կարգ ու կանոն են, որոնք մեզ կը բժշկեն կեղծ սէրերէ

«Յիսուսի սէրն է, որ մեր մէջ կը ծնեցնէ սէրը: Քրիստոս Ինքն է չափանիշը, իսկական սիրոյն կանոնը. այն սիրոյն, որ միշտ հաւատարիմ է, մաքուր եւ անպայմանական: Այն սէրը, որ չի ճանչնար ո՛չ «բայց», ո՛չ ալ «թերեւս», այն սէրը որ կը տրուի առանց տիրանալ ուզելու, որ կեանք կու տայ առանց փոխարէնը բան մը սպասելու: Որովհետեւ Աստուած մեզ նախ սիրեց, մենք ալ կրնանք սիրել. եւ երբ իսկապէս կը սիրենք Աստուած, իսկապէս կը սիրենք նաեւ զիրար» բացատրեց ապա Քահանայապետը նշելով` որ «Տիրոջ պատուիրանները, հետեւաբար, կեանքի կարգ ու կանոն են, որոնք մեզ կը բժշկեն կեղծ սէրերէ. անոնք հոգեւոր ոճ մըն են, որոնք փրկութեան ճանապարհ են»:

Սուրբ Հոգին դաշնակից

«Յատկապէս որովհետեւ մեզ կը սիրէ, Տէրը մեզ առանձին չի թողուր կեանքի փորձութիւններուն մէջ. Ան մեզի կը խոստանայ Մխիթարիչը, այսինքն՝ Պաշտպան Փաստաբանը, «Ճշմարտութեան Հոգին» (Յովհ. 14, 17)։ Ան պարգեւ մըն է, զոր «աշխարհը չի կրնար ընդունիլ» (նոյն տեղը), քանի դեռ կը յամառի այն չարիքին մէջ, որ կը հարստահարէ աղքատը, կը մեկուսացնէ տկարը եւ կը սպաննէ անմեղը» ըսաւ ապա Լեւոն ԺԴ. մատնանշելով` թէ «ան որ կը պատասխանէ այն սիրոյն, զոր Յիսուս ունի բոլորին հանդէպ, Սուրբ Հոգիին մէջ կը գտնէ դաշնակից մը, որ երբեք չի պակսիր»։ «Այնուհետեւ, միշտ եւ ամէնուրեք կրնանք վկայել Աստուծոյ մասին, որ սէր է. այս բառը չի նշանակեր մարդկային մտքի մէկ գաղափարը, այլ աստուածային կեանքի իրականութիւնը, որուն միջոցաւ բոլոր բաները ոչինչէն ստեղծուեցան եւ մահուընէ փրկուեցան»։

Յանձնում Աստուածային Սիրոյ Մօր բարեխօսութեան

«Մեզի մատուցանելով ճշմարիտ եւ յաւիտենական սէրը, Յիսուս մեզի հետ կը բաժնեկցի իր սիրելի Որդիի ինքնութիւնը. «Ես իմ Հօրս մէջ եմ, եւ դուք՝ իմ մէջս, ու ես՝ ձեր մէջ» (հմր. 20)։ Կեանքի այս ներգրաւիչ հաղորդութիւնը կը հերքէ Չարախօսը, այսինքն՝ Մխիթարիչին հակառակորդը, այն հոգին, որ հակառակ է մեր պաշտպանին։ Արդարեւ, մինչ Սուրբ Հոգին ճշմարտութեան ուժն է, Չարախօսը «ստութեան հայրն» է (Յովհ. 8, 44), որ կ’ուզէ մարդը Աստուծոյ դէմ դնել եւ մարդիկը՝ իրարու դէմ. ճիշդ հակառակը անոր, ինչ որ Յիսուս կ’ընէ՝ մեզ չարէն փրկելով եւ մեզ միաւորելով որպէս եղբայրներու ու քոյրերու ժողովուրդ Եկեղեցւոյ մէջ» ըսաւ Սրբազան պապը ու խորհրդածութիւնը եզրափակեց հրաւիրելով բոլորը իրենք զիրենք յանձնելու Սուրբ Կոյս Մարիամ Աստուածածնայ` Աստուածային Սիրոյ Մօր բարեխօսութեան։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/05/2026, 12:23

«Թագուհի Երկնից» աղօթքը, Լատին Եկեղեցւոյ մարեմեան չորս կցուրդներէն մին է (միւս կցուրդներն են՝ «Մայր Փրկչին», «Ողջոյն Թագուհի Երկնից» եւ «Ողջոյն Թագուհի»)։

1742 թուականին, Բենեդիկտոս ԺԴ. քահանայապետ նշանակած է, թէ «Թագուհի Երկնից» աղօթքը պէտք է կատարուէր յոտնկայս, զատկական ժամանակամիջոցին մէջ՝ Զատիկի կիրակիէն մինչեւ Պենտեկոստէ, «Հրեշտակ Տեառն» աղօթքի տեղ, որպէս նշան յաղթութեան մահուան վրայ։
Այս աղօթքը, Հրեշտակ Տեառնի նման կը կատարուի օրը երեք անգամ՝ այգաբացին, կէսօրին եւ մայրամուտին՝ օրը նուիրելու համար Աստուծոյ եւ Աստուածածնի։
Այս հին կցուրդը յառաջ եկած է բարեպաշտ աւանդութենէ մը, 6-10 դարերուն, մինչ անոր տարածումը կատարուած է 13րդ դարու առաջին կէսէն սկսեալ, երբ մուծուած է ֆրանսական ժամագրքին մէջ։ Ան բաղկացած է չորս փոքր յանգատողերէ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը կʼաւարտի «Ալէլուիա» կանչով։ Այդ աղօթքով, հաւատացեալները կը դիմեն Մարիամի՝ Երկնքի Թագուհիին, անոր հետ ուրախանալով Քրիստոսի Յարութեան համար։
2015 թուականի ապրիլի 6ին, Զատիկի յաջորդ օրը, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը երբ կʼաղօթէր Թագուհի Երկնից աղօթքը, խորհուրդ տուաւ հաւատացեալներուն թէ ի՛նչ պէտք է ըլլայ սրտի կեցուածքը երբ կʼարտասանենք այս աղօթքը։
«Կը դիմենք Մարիամի, զայն հրաւիրելով որ ուրախանայ, որովհետեւ Ան, զոր Մարիամ իր արգանդին մէջ կրեց, յարութիւն առաւ, ինչպէս խոստացած էր, եւ մեր անձերը կը վստահինք Մարիամի բարեխօսութեան։ Իրականին, մեր ուրախութիւնը Մարիամի ուրախութեան ցոլացումն է, որովհետեւ Ան է որ պահպանեց եւ հաւատքով կը պահպանէ Յիսուսի կեանքին եղելութիւնները։ Հետեւաբար այս աղօթքը արտասանենք զաւակներու յոյզերով, որոնք կʼուրախանան, որովհետեւ իրենց մայրը ուրախ է։»

Վերջին «Հրեշտակ Տեառնը» / «Ուրախ լեր Թագուհի երկնից»

Կարդալ բոլորը >