Լեւոն ԺԴ. Պապը պիտի ընդունի ԱՄՆ-ի արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիոն
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Հինգշաբթի, 7 Մայիսին, Վատիկանի Առաքելական պալատին մէջ տեղի պիտի ունենայ պաշտօնական հանդիպում մը՝ Լեւոն ԺԴ-ի եւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար՝Պետական քարտուղար, Մարքօ Ռուպիոյի միջեւ։
Սուրբ Աթոռի Մամլոյ գրասենեակը հաստատեց լուրը՝ նշելով, որ հանդիպումը նախատեսուած է առաւօտեան ժամը 11:30-ին։ Ըստ արարողակարգին, Մարքօ Ռուպիօ Վատիկան պիտի ժամանէ ժամը 11:15-ին։
Այս տեսակցութիւնը առաջինը չէ Շիքակոյէն սերած Քահանայապետին եւ ամերիկացի բարձրաստիճան պաշտօնեային միջեւ։ Անոնք նախապէս հանդիպած էին անցեալ տարուան Մայիս 18-ին՝ Քահանայապետական գահակալութեան հանդիսաւոր պատարագի առիթով։ Այդ օրը, Ռուպիոյի կողքին ներկայ էր նաեւ ԱՄՆ-ի փոխնախագահ Ճէյ Տի Վենսը։ Յաջորդող օրը՝ Մայիս 19-ին, տեղի ունեցած էր երկկողմանի աշխատանքային հանդիպում մը Սրբազան Հօր եւ ամերիկեան պատուիրակութեան միջեւ։
Մայիս 7-ի առաւօտեան ժամերը բաւական ծանրաբեռնուած պիտի ըլլան Լեւոն ԺԴ Պապին համար։ Նախքան ամերիկացի պաշտօնեան ընդունիլը, ժամը 9:00-ին, Նորին Սրբութիւնը պիտի հիւրընկալէ Լեհաստանի վարչապետ Տոնալտ Թուսքը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
