Լեւոն ԺԴ. Պապը եւ Միացեալ Նահագներուն փոխ նախագահը Լեւոն ԺԴ. Պապը եւ Միացեալ Նահագներուն փոխ նախագահը  (@Vatican Media)

Լեւոն ԺԴ. Պապը պիտի ընդունի ԱՄՆ-ի արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիոն

Յառաջիկայ հինգշաբթի՝ 7 Մայիսին, Լեւոն ԺԴ Պապը Վատիկանի մէջ պիտի ընդունի ԱՄՆ-ի Պետական քարտուղար Մարքօ Ռուպիոն, որուն պիտի նախորդէ հանդիպում մը Լեհաստանի վարչապետ Տոնալտ Թուսքի հետ։ Այս տեսակցութիւնը կը վերահաստատէ Քահանայապետին եւ ամերիկեան վարչակազմին միջեւ սերտ յարաբերութիւնները, որոնք սկիզբ առած էին անցեալ տարուան գահակալութեան արարողութիւններուն ընթացքին։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Հինգշաբթի, 7 Մայիսին, Վատիկանի Առաքելական պալատին մէջ տեղի պիտի ունենայ պաշտօնական հանդիպում մը՝ Լեւոն ԺԴ-ի եւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար՝Պետական քարտուղար, Մարքօ Ռուպիոյի միջեւ։

Սուրբ Աթոռի Մամլոյ գրասենեակը հաստատեց լուրը՝ նշելով, որ հանդիպումը նախատեսուած է առաւօտեան ժամը 11:30-ին։ Ըստ արարողակարգին, Մարքօ Ռուպիօ Վատիկան պիտի ժամանէ ժամը 11:15-ին։

Այս տեսակցութիւնը առաջինը չէ Շիքակոյէն սերած Քահանայապետին եւ ամերիկացի բարձրաստիճան պաշտօնեային միջեւ։ Անոնք նախապէս հանդիպած էին անցեալ տարուան Մայիս 18-ին՝ Քահանայապետական գահակալութեան հանդիսաւոր պատարագի առիթով։ Այդ օրը, Ռուպիոյի կողքին ներկայ էր նաեւ ԱՄՆ-ի փոխնախագահ Ճէյ Տի Վենսը։ Յաջորդող օրը՝ Մայիս 19-ին, տեղի ունեցած էր երկկողմանի աշխատանքային հանդիպում մը Սրբազան Հօր եւ ամերիկեան պատուիրակութեան միջեւ։

Մայիս 7-ի առաւօտեան ժամերը բաւական ծանրաբեռնուած պիտի ըլլան Լեւոն ԺԴ Պապին համար։ Նախքան ամերիկացի պաշտօնեան ընդունիլը, ժամը 9:00-ին, Նորին Սրբութիւնը պիտի հիւրընկալէ Լեհաստանի վարչապետ Տոնալտ Թուսքը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/05/2026, 10:34