Լեւոն ԺԴ Պապի ցաւակցութիւնը կարդինալ Փոլ Էմիլ Չերրիկի մահուան առթիւ
Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան
Լեւոն ԺԴ. Պապը խորին ցաւակցութիւն յայտնած է կարդինալ Փոլ Էմիլ Չերրիկի մահուան առթիւ, որ տեղի ունեցաւ մայիս 12-ին, 79 տարեկան հասակին։
Հարազատներուն եւ Սիոնի թեմին ուղղուած հեռագիրի մը մէջ, Քահանայապետը երախտագիտութեամբ յիշատակած է կարդինալի երկարամեայ ծառայութիւնը՝ որպէս պապական ներկայացուցիչ բազմաթիւ երկիրներու մէջ եւ որպէս Սուրբ Աթոռի զանազան վերատեսչութիւններու անդամ։
Լեւոն ԺԴ-ն Չերրիկը բնորոշած է որպէս մարդ մը, որ «վկայեց իր սէրը Եկեղեցւոյ եւ Պետրոսի Յաջորդին հանդէպ»՝ անոր հոգին յանձնելով Աստուծոյ «այն լոյսին մէջ, որ բնաւ չի մարիր»։ Ան նաեւ իր առաքելական օրհնութիւնը յղած է բոլոր անոնց, որոնք կը սգան անոր մահը։
Ծնած ըլլալով Շուէյցարիոյ Ունտերեմս քաղաքը 1947-ին, Չերրիկը քահանայ ձեռնադրուած էր 1974-ին։ Ան Սուրբ Աթոռի դիւանագիտական ծառայութեան սկսած էր 1978-ին՝ պաշտօնավարելով Ափրիկէի, Ասիոյ, Քարայիպեան կղզիներու եւ Եւրոպայի տարբեր երկիրներու մէջ։ Իր ասպարէզի ընթացքին ան եղած է առաքելական նուիրակ Հարաւային Քորէայի, Արժանթինի, հիւսիսային երկիրներու եւ վերջապէս Իտալիոյ ու Սան Մարինոյի մէջ՝ դառնալով առաջին ոչ-իտալացին, որ ստանձնեց այս պաշտօնը։ 2023-ին ան կարդինալ նշանակուած էր Ֆրանչիսկոս Պապին կողմէ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
