կարդինալ Փոլ Էմիլ Չերրիկի կարդինալ Փոլ Էմիլ Չերրիկի 

Լեւոն ԺԴ Պապի ցաւակցութիւնը կարդինալ Փոլ Էմիլ Չերրիկի մահուան առթիւ

Լեւոն ԺԴ հեռագիր մը ուղարկեց իր ցաւակցութիւնը յայտնելու համար շուէյցարացի կարդինալի մահուան առթիւ, որ տեղի ունեցաւ այսօր՝ մայիս 12-ին, 79 տարեկան հասակին։ «Երախտապարտ հոգիով կը մտածեմ իր հաւատարիմ ծառայութեան մասին՝ որպէս պապական ներկայացուցիչ զանազան երկիրներու մէջ, իսկ յետոյ որպէս Սուրբ Աթոռի քանի մը գերատեսչութիւններու անդամ»։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան

Լեւոն ԺԴ. Պապը խորին ցաւակցութիւն յայտնած է կարդինալ Փոլ Էմիլ Չերրիկի մահուան առթիւ, որ տեղի ունեցաւ մայիս 12-ին, 79 տարեկան հասակին։

Հարազատներուն եւ Սիոնի թեմին ուղղուած հեռագիրի մը մէջ, Քահանայապետը երախտագիտութեամբ յիշատակած է կարդինալի երկարամեայ ծառայութիւնը՝ որպէս պապական ներկայացուցիչ բազմաթիւ երկիրներու մէջ եւ որպէս Սուրբ Աթոռի զանազան վերատեսչութիւններու անդամ։

Լեւոն ԺԴ-ն Չերրիկը բնորոշած է որպէս մարդ մը, որ «վկայեց իր սէրը Եկեղեցւոյ եւ Պետրոսի Յաջորդին հանդէպ»՝ անոր հոգին յանձնելով Աստուծոյ «այն լոյսին մէջ, որ բնաւ չի մարիր»։ Ան նաեւ իր առաքելական օրհնութիւնը յղած է բոլոր անոնց, որոնք կը սգան անոր մահը։

Ծնած ըլլալով Շուէյցարիոյ Ունտերեմս քաղաքը 1947-ին, Չերրիկը քահանայ ձեռնադրուած էր 1974-ին։ Ան Սուրբ Աթոռի դիւանագիտական ծառայութեան սկսած էր 1978-ին՝ պաշտօնավարելով Ափրիկէի, Ասիոյ, Քարայիպեան կղզիներու եւ Եւրոպայի տարբեր երկիրներու մէջ։ Իր ասպարէզի ընթացքին ան եղած է առաքելական նուիրակ Հարաւային Քորէայի, Արժանթինի, հիւսիսային երկիրներու եւ վերջապէս Իտալիոյ ու Սան Մարինոյի մէջ՝ դառնալով առաջին ոչ-իտալացին, որ ստանձնեց այս պաշտօնը։ 2023-ին ան կարդինալ նշանակուած էր Ֆրանչիսկոս Պապին կողմէ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/05/2026, 08:30