«Տէր իմ եւ Աստուած իմ» Հաւատքը կարիք ունի սնանելու եւ թիկունքի. Լեւոն ԺԴ
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Կիրակի` 12 Ապրիլ 2026-ի կէսօրին, Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ.-ի կողմէ հաստատուած Աստուածային ողորմութեան կիրակիին առիթով, Լեւոն ԺԴ. Պապը իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց «Ուրախ Լեր Թագուհի» Մարեմեան աղօթքը, որուն առիթով ներկայացուցած խորհրդածութիւնը կեդրոնացուց Յովհաննէսի Աւետարանէն քաղուած աւետարանական այն հատուածին վրայ որ կը պատմէ Յիսուսին Սուրբ Թովմաս առաքեալի երեւման դրուագը (Յովհ. 20,19-31)։
«Դրուագը տեղի կ՛ունենայ Սուրբ Զատիկէն ութը օրեր ետք մինչ հասարակութիւնը համախմբուած էր եւ ճիշտ այստեղ է` որ Թովմաս կը հանդիպի Վարդապետին որ զայն կը հրաւիրէ տեսնելու եւ դպչելու իր վէրքերուն ... Թովմասը Յիսուսին կը հանդիպի համախմբուած հասարակութեան մէջ ու զինք կը ճանչնայ անոր զոհաբերութեան նշաններուն մէջ եւ ահա այս փորձառութենէն է որ կը բխի անոր հաւատքի դաւանանքը. «Տէր իմ եւ Աստուած իմ», ըսաւ Սրբազան Պապը դիտել տալով, որ միշտ ալ դիւրին չէ հաւատալը ու թէ հաւատքը կարիքը ունի սնուելու եւ թիկունքի։
«Ասոր համար է` որ ութերորդ օրը, այսինքն իւրաքանչիւր կիրակի Եկեղեցին մեզ կը հրաւիրէ կատարելու այն ինչ որ ըրին առաջին աշակերտները` այսինքն հաւաքուիլ եւ միասին ապրիլ պատարագը, որուն մէջ կ՛ունկնդրենք Յիսուսին խօսքերը, կ՛աղօթենք, եւ կը դաւանինք մեր հաւատքը, ապա կը բաժնեկցինք Աստուծոյ պարգեւները` սիրոյ մէջ, ու մեր կեանքը կը նուիրենք` միացած Քրիստոսի զոհաբերումին, կը սնանինք անոր մարմինէն եւ արիւնէն, որպէսզի մեր կարգին դառնանք վկաները անոր յարութեան», յարեց ապա Քահանայապետը հաստատելով` որ Կիրակնօրեայ Հաղորդութիւնը անհրաժեշտ է քրիստոնէական կեանքին համար եւ որպէս օրինակ ներկայացուց Ափրիկեան Եկեղեցւոյ առաջին դարերու նահատակներ` Աբիտենէի նահատակներու վկայութիւնը, որոնք նախընտրեցին մեռնիլ քան ապրիլ առանց Սուրբ Պատարագին ու Հաղորդութեան` «ուր սնունդ կ՜առնէ մեր հաւատքը եւ ուր մեր ջանքերը, Աստուծոյ շնորհքով կը ձուլուին, որպէս միակ մարմնի մը` Քրիստոսի Մարմնին արարքները» ըսաւ Լեւոն ԺԴ.։
Ան ապա հաստատեց` որ «Սուրբ Հաղորդութեան միջոցաւ է, որ մեր ձեռքերը կը դառնան Յարուցեալին ձեռքերը, վկաները անոր ներկայութեան, անոր ողորմութեան եւ անոր խաղաղութեան»։
Սիրելի՛ եղբայրներ և քոյրեր, աշխարհի մը մէջ, որ այնքան խաղաղութեան կարիքն ունի, այս մէկը մեզ աւելի քան երբեք կը պարտաւորէ հաւատարիմ ու յարատեւողական ըլլալու Յարութեան Տիրոջ հետ մեր Եկեղեցական հանդիպումին՝ որպէսզի անկէ մեկնելով դառնանք սիրոյ վկաներ և հաշտութիւն բերողներ։ Թող մեզի օգնական ըլլայ Սուրբ Կոյս Մարիամը, երանուհին՝ որովհետեւ առաջինը հաւատաց առանց տեսնելու (հմմտ. Յովհ. 20,29)», եղան Նորին Սրբութեան եզրափակիչ խօսքերը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ