Հսկենք մեր սրտի ու մեր կեանքի «ցանկապատին» վրայ. Լեւոն ԺԴ

Պէտք է հսկենք մեր սրտին ու կեանքին «ցանկապատին», քանի որ ներս մտնողները կրնան կամ մեծցնել մեր ուրախութիւնը, կամ ալ «գողերու» նման խլել զայն։ Այս «գողերը» կրնան ըլլալ մարդիկ, որոնք չեն յարգեր մեր արժանապատուութիւնը, կամ ալ գաղափարներ ու կանխակալ կարծիքներ, որոնք կը մղեն սխալ ընտրութիւններու։ Կան նաեւ այն «գողերը», «որոնք՝ կողոպտելով երկրի պաշարները, մղելով արիւնալի պատերազմներ կամ սնուցանելով չարիքը իր բոլոր ձեւերով, բոլորիս ձեռքէն կը յափշտակեն խաղաղ ու անդորր ապագայ ունենալու կարելիութիւնը
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի` 26 Ապրիլ 2026-ի կէսօրին Սուրբ Պետրոս Պազիլիքային մէջ ձեռնադրելէ ետքը տասը քահանաները Լեւոն ԺԴ., կէսօրին, իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց Ուրախ Լեր Թագուհի Մարեմեան աղօթքը, Սուրբ Պետրոս հրապարակի վրայ համախմբուած հազարաւոր հաւատացեալներու ներկայութեամբ։

Սովորութեան համաձայն Սրբազան Պապը նախ քան աղօթքը արտասանելը ներկայացուց օրուան խորհրդածութիւնը մեկնաբանելով Յովհաննէսի Աւետարանէն քաղուած հատուածը ուր Յիսուս Ինքզինք կը նմանցնէ հովիւի մը, ապա՝ փարախի դրան (հմմտ. Յովհ 10, 1-10)։

Յիսուս` Բաիի Հովիւը մեզի  կապուած է բարեկամութեան յարաբերութեամբ

«Յիսուս հակադրութեան մէջ կը դնէ հովիւն ու գողը։ Արդարեւ, Ան կը հաստատէ. «Ան որ դռնէն չի մտներ ոչխարներուն փարախը, այլ ուրիշ տեղէ կը բարձրանայ, անիկա գող է ու աւազակ» (հմր. 1)։ Եւ քիչ մը անդին, աւելի յստակ կերպով. «Գողը չի գար, եթէ ոչ գողնալու, սպաննելու եւ կորսնցնելու համար. ես եկայ, որպէսզի կեանք ունենան եւ առատութեամբ ունենան» (հմր. 10)։ Տարբերութիւնը յստակ է. հովիւը յատուկ կապ մը ունի իր ոչխարներուն հետ, եւ հետեւաբար, կրնայ մտնել փարախի դռնէն. իսկ եթէ մէկը պէտք ունի ցանկապատէն մագլցելու, ուրեմն ան անշուշտ գող մըն է, որ կ’ուզէ յափշտակել ոչխարները» ըսաւ Սրբազան Պապը դիտել տալով թէ «Յիսուս մեզի կ’ըսէ, թէ Ինք մեզի կապուած է բարեկամութեան յարաբերութեամբ. Ան մեզ կը ճանչնայ, մեզ անունով կը կանչէ, մեզ կ’առաջնորդէ եւ, ինչպէս հովիւը կ’ընէ իր ոչխարներուն հետ, մեզ փնտռելու կու գայ երբ կը մոլորինք ու կը փաթթէ մեր վէրքերը երբ հիւանդ ենք (հմմտ. Եզեկ. 34, 16)»։

«Ան որ Յիսուսին կը վստահի, վախնալու ոչինչ ունի. Ան մեր կեանքը չի ճնշեր, այլ կու գայ զայն մեզի առատութեամբ պարգեւելու (հմմտ. Համար. 10)»։

Հսկել սրտի եւ կեանքի ցանկապատերուն վրայ

«Եղբայրնե՛ր եւ քոյրե՛ր, հրաւիրուած ենք խորհրդածելու եւ յատկապէս հսկելու մեր սրտի ու մեր կեանքի «ցանկապատին» վրայ, որովհետեւ անոնք, որոնք ներս կը մտնեն, կրնան կամ բազմապատկել ուրախութիւնը, կամ ալ՝ գողի պէս յափշտակել զայն։ «Գողերը» կրնան բազմաթիւ դէմքեր առնել. անոնք այն մարդիկն են, որոնք՝ հակառակ արտաքին երեւոյթին, կը խեղդեն մեր ազատութիւնը կամ չեն յարգեր մեր արժանապատուութիւնը. անոնք այն համոզումներն ու կանխակալ կարծիքները, որոնք արգելք կը հանդիսանան, որ մենք խաղաղ հայեացք մը ունենանք ուրիշներուն եւ կեանքին հանդէպ. անոնք այն սխալ գաղափարներն են, որոնք կրնան մեզ առաջնորդել ժխտական ընտրութիւններ կատարելու. անոնք մակերեսային կամ սպառողականութեան վրայ հիմնուած ապրելակերպերն են, որոնք մեզ ներքնապէս կը պարպեն եւ կը մղեն միշտ մեր ներաշխարհէն դուրս ապրելու» բացատրեց Լեւոն ԺԴ. ապա հրաւիրեց չմոռնալու նաեւ այն «գողերը», «որոնք՝ կողոպտելով երկրի պաշարները, մղելով արիւնալի պատերազմներ կամ սնուցանելով չարիքը իր բոլոր ձեւերով, ուրիշ բան չեն ընէր, եթէ ոչ բոլորիս ձեռքէն յափշտակել խաղաղ ու անդորր ապագայ ունենալու կարելիութիւնը»։

Որո՞ւն կ’ուզենք թոյլ տալ, որ մեզ առաջնորդէ

Ասկէ մեկնելով Սրբազան Պապը հրաւիրեց մենք մեզ հարցաքննելու թէ «մեր կեանքին մէջ որո՞ւն կ’ուզենք թոյլ տալ, որ մեզ առաջնորդէ։ Որո՞նք են այն «գողերը», որոնք փորձեցին մտնել մեր «ցանկապատէն» ներս։ Յաջողեցա՞ն, թէ՞ կարողացանք զանոնք ետ մղել»։

«Այսօր Աւետարանը մեզ կը հրաւիրէ վստահելու Տիրոջ. Ան չի գար մեզմէ բան մը գողնալու, ընդհակառակը՝ Ան Բարի Հովիւն է, որ կը բազմապատկէ կեանքը եւ զայն մեզի առատութեամբ կը մատուցէ։ Թող որ Սուրբ Կոյս Մարիամը միշտ մեզի ընկերակցի մեր ճամբուն վրայ եւ բարեխօսէ մեզի ու համայն աշխարհի համար» եղան Նորին Սրբութեան Մարեմեան աղօթքի խորհրդածութեան եզրափակիչ խօսքերը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/04/2026, 12:05

«Թագուհի Երկնից» աղօթքը, Լատին Եկեղեցւոյ մարեմեան չորս կցուրդներէն մին է (միւս կցուրդներն են՝ «Մայր Փրկչին», «Ողջոյն Թագուհի Երկնից» եւ «Ողջոյն Թագուհի»)։

1742 թուականին, Բենեդիկտոս ԺԴ. քահանայապետ նշանակած է, թէ «Թագուհի Երկնից» աղօթքը պէտք է կատարուէր յոտնկայս, զատկական ժամանակամիջոցին մէջ՝ Զատիկի կիրակիէն մինչեւ Պենտեկոստէ, «Հրեշտակ Տեառն» աղօթքի տեղ, որպէս նշան յաղթութեան մահուան վրայ։
Այս աղօթքը, Հրեշտակ Տեառնի նման կը կատարուի օրը երեք անգամ՝ այգաբացին, կէսօրին եւ մայրամուտին՝ օրը նուիրելու համար Աստուծոյ եւ Աստուածածնի։
Այս հին կցուրդը յառաջ եկած է բարեպաշտ աւանդութենէ մը, 6-10 դարերուն, մինչ անոր տարածումը կատարուած է 13րդ դարու առաջին կէսէն սկսեալ, երբ մուծուած է ֆրանսական ժամագրքին մէջ։ Ան բաղկացած է չորս փոքր յանգատողերէ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը կʼաւարտի «Ալէլուիա» կանչով։ Այդ աղօթքով, հաւատացեալները կը դիմեն Մարիամի՝ Երկնքի Թագուհիին, անոր հետ ուրախանալով Քրիստոսի Յարութեան համար։
2015 թուականի ապրիլի 6ին, Զատիկի յաջորդ օրը, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը երբ կʼաղօթէր Թագուհի Երկնից աղօթքը, խորհուրդ տուաւ հաւատացեալներուն թէ ի՛նչ պէտք է ըլլայ սրտի կեցուածքը երբ կʼարտասանենք այս աղօթքը։
«Կը դիմենք Մարիամի, զայն հրաւիրելով որ ուրախանայ, որովհետեւ Ան, զոր Մարիամ իր արգանդին մէջ կրեց, յարութիւն առաւ, ինչպէս խոստացած էր, եւ մեր անձերը կը վստահինք Մարիամի բարեխօսութեան։ Իրականին, մեր ուրախութիւնը Մարիամի ուրախութեան ցոլացումն է, որովհետեւ Ան է որ պահպանեց եւ հաւատքով կը պահպանէ Յիսուսի կեանքին եղելութիւնները։ Հետեւաբար այս աղօթքը արտասանենք զաւակներու յոյզերով, որոնք կʼուրախանան, որովհետեւ իրենց մայրը ուրախ է։»

Վերջին «Հրեշտակ Տեառնը» / «Ուրախ լեր Թագուհի երկնից»

Կարդալ բոլորը >